Ռուսիան պէտք է ամբողջովին ապահովէ իր շահերը, ներառեալ «պաշտպանական շղթայ»-ի ստեղծումը, որ պիտի ապահովագրէ ռուսական հողերուն դէմ տարբեր ոտնձգութիւններէն` թէ՛ հրետակոծութենէն, թէ՛ ալ յարձակողական գործողութիւններէն. միայն անոնցմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ Հիւսիսային զինուորական շրջանի խնդիրները աւարտած նկատել: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս կարծիքը յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ:
«Մենք պէտք է ամբողջովին ապահովենք մեր շահերը, ի՞նչ կը նշանակէ լիարժէք ապահովել մեր շահերը, նախ` կատարել Հիւսիսային զինուորական շրջանի խնդիրները, որոնց մասին խօսած է նախագահը:
«Երկրորդ` ստեղծել անհրաժեշտ պաշտպանիչ շղթայ, որ պիտի պաշտպանէ մեր հողերուն դէմ ամէն տեսակի ոտնձգութիւններէն` ոչ միայն հրետակոծութենէն, այլ նաեւ յարձակողական գործողութիւններէն:
«Եւ միայն այս պարագային կարելի պիտի ըլլայ խոստովանիլ, որ առաջադրանքները կատարուած են», ըսած է Մետվետեւ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը ռուսական լրատուամիջոցներուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին Ուքրանիոյ Օտեսա քաղաքը կոչած է ռուսական` աւելցնելով, որ Ռուսիան անոր վերադարձին շատ կը սպասէ:
«Օտեսայի մասին կրնամ ուղղակի ըսել. Օտեսա՛, վերադարձիր տուն, այսքան», ըսած է Մետվետեւ:
Քաղաքական գործիչին համաձայն, Օտեսան ռուսական քաղաք է` հաշուի առնելով անոր պատմութիւնը, այնտեղ ապրող մարդիկն ու անոնց լեզուն:
Մետվետեւ երէկ եւս յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական յատուկ գործողութեան նպատակներու իրագործման համար ռուսական բանակի Քիեւ մուտք գործելը չի բացառեր` նշելով. «Քիեւը ռուսական քաղաք մըն է, որուն կը տիրեն Ռուսիոյ թշնամիները, եւ Քիեւի վարչակարգը պէտք է տապալի»:


