ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Թարսիզիօ Քոսթան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-պրազիլական յարաբերութիւններն ու Պրազիլի մէջ լիբանանեան գաղութին իրավիճակը: Քննարկուեցան նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որ գործուղուած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ: Քննարկուեցան Լեռնալիբանանի մէջ կալուածներու արձանագրութեան պետական հաստատութիւնները վերաբանալու միջոցներն ու պետական հաստատութեանց վարչութիւններուն մէջ քրիստոնեայ պաշտօնեաներու պաշտօններուն տէր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարելու` մաղթելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող բուռն բախումները կը մեղմանան, որպէսզի իրենք կարենան յաջողցնել այդ ընտրութիւնները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հիմնական, անշեղ, միակ եւ լրջագոյն թեկնածուն է նախագահական ընտրութեան: Ան աւելցուց, որ Ֆրենժիէի դաշնակիցները հաւատարիմ են, եւ անոր թեկնածութիւնը յետս կոչելու հաւանականութիւն չկայ:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ յայտնեց, որ Հըզպալլա հարաւային Լիբանանի մէջ ճակատ մը բացած է, որպէսզի Լիբանանի վրայ իր ունեցած հակակշիռը փաստէ, «եւ այդպիսով ան կրցած է նախագահական ընտրութեան իմաստով բանակցելու նոր խաղաքարտ ապահովել ինքն իրեն», նշեց ան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ յայտնեց, որ իրենք կտրականապէս պիտի մերժեն երկրին սահմանադրութեան եւ ժողովուրդին կամքին հաշուոյն իրականացուելիք որեւէ գործարք:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ նշեց, որ Կազայի պատերազմը նախագահական ընտրութիւնը չ՛արգիլեր. այդ հարցը ներքին լիբանանեան է, եւ մենք պատրաստ ենք նախագահական ընտրութեան մասնակցելու, եթէ ներքին լիբանանեան համախոհութիւն գոյանայ:


