Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը երէկ արձանագրեց իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 94-83 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սուրիոյ ազգային խումբը:
Մեծ թիւով համակիրներ ներկայ եղան մրցումին` դիտելու ազգային խումբին մակարդակը: Խումբը ուրբաթ օր պիտի կատարէ Ասիոյ բաժակի զտումի առաջին մրցումը Դամասկոսի մէջ, Սուրիոյ ազգային խումբին դէմ: Զտումի երկրորդ մրցումին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Պահրէյնի ազգային խումբը, երկուշաբթի, 26 փետրուարին, «Նուհատ Նաուֆալ» կեդրոնի դաշտին վրայ:
Նշենք, որ Իրաքի ազգային խումբը մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց Պաղեստինի դէմ մրցումին (71-67):


