Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու զինադուլի հսկողութեան խմբակի նախագահ զօր. Փաթրիք Ժոշան:
Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանի գիւղաքաղաքներուն դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտի:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


