«Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ մեզի միջնորդներ պէտք չեն», 14 փետրուարին Պաքուի մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնը ստանձնելով յայտարարած է Իլհամ Ալիեւ:
«Ես նախապէս ալ ըսած եմ եւ կ՛ուզեմ անգամ մը եւս կրկնել այս բարձր ամպիոնէն` մենք մեր հարցերը լուծած ենք: Կը կարծեմ, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը պէտք է դուրս բերուի միջազգային օրակարգէն, որովհետեւ ով որ ալ ըլլայ` կը զբաղի այս հարցով: Գացէ՛ք, ձեր գործերով զբաղեցէ՛ք», ըսած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահին պնդումով` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու նիւթը արհեստականօրէն կ՛ուռճացուի:
«Հայաստանի հովանաւորները անընդհատ կ՛ուզեն քննարկել այս հարցը, ջանքեր գործադրել, վերմակը իրենց վրայ քաշել եւ իբրեւ միջնորդ հանդէս գալ», յայտարարած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը իր երդմնակալութեան յաջորդած ելոյթին մէջ կրկին Հայաստանին սպառնալիքներ ուղղած է:
«Եթէ մեր նկատմամբ տարածքային պահանջներուն վերջ չդրուին, եթէ Հայաստանը իր օրէնսդրութիւնը չբերէ բնականոն վիճակի, ապա, բնականաբար, խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի չըլլայ», ըսած է Ալիեւ` շարունակելով. «Մենք Հայաստանի տարածքին նկատմամբ յաւակնութիւններ չունինք, բայց իրենք ալ պէտք է հրաժարին իրենց պահանջներէն: Մեզի հետ անհիմն պնդումներու եւ շանթաժի լեզուով խօսիլը սուղ պիտի արժէ, եւ ատիկա հաւանաբար բոլորը կը տեսնեն»:
Ան նշած է, թէ Երեւանը պէտք է կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, սակայն չ՛ուզեր հրաժարիլ «կեղտոտ գործերէն»:
«Հայաստանը կարծես թէ մոռցած է ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի հետեւանքները: Կամ թերեւս մէկը անոնց խրախուսած է, որ ընդհանրապէս չկատարեն պարտաւորութիւնները», շեշտած է Իլհամ Ալիեւ:
Բաղդասարեան. «Հայաստանի Օրէնսդրութիւնը
Հայաստանի Հանրապետութեան Ներքին Գործն Է»
Հայաստանի օրէնսդրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործն է, եւ որեւէ արտաքին ուժ իրաւունք չունի միջամտել մեր երկրի ներքին գործերուն, յայտարարած է Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան` արձագանգելով Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն:
Անդրադառնալով տարածքային պահանջներուն` Բաղդասարեան նշած է. «Հայաստանը հաւատարիմ է միջազգային հարթակներուն մէջ Ազրպէյճանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն` մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը Ալմա-Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ ճանչնալու, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման աշխատանքները Ալմա-Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ իրականացնելու, շրջանային հաղորդակցութեան ուղիները երկիրներու ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ բանալու մասին»:
«Ազրպէյճանը պարբերաբար կը խախտէ այս պայմանաւորուածութիւնները` շարունակելով յարձակողական հռետորաբանութիւնը, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկումը, ինչ որ նոյնպէս կը հակասէ միջազգային հարթակներուն մէջ ձեռք բերուած գրաւոր պայմանաւորուածութիւններուն», ընդգծած է ան:


