Մոսկուան Պաքուին եւ Երեւանին յամառօրէն կոչ կ՛ուղղէ` զսպուածութիւն ցուցաբերելու, քայլերու ձեռնարկելու կացութեան ապամագլցման ուղղութեամբ եւ խուսափելու որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ կացութեան հետագայ վատթարացման յանգեցնել: Այս մասին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով 13 փետրուարին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Ներքին Հանդի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բանալը, որուն հետեւանքով կայ 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր:
«Մեզ լրջօրէն կը մտահոգէ այս դրսեւորումը. խօսքը Հայաստանի Սիւնիքի մարզի եւ Ազրպէյճանի Զանգելանի շրջանի սահմանի մասին է: 12 եւ 13 փետրուարին Ներքին Հանդ բնակավայրին մօտ տեղի ունեցած են շարք մը զինեալ միջադէպեր, որոնց հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ:
«Մենք Պաքուին եւ Երեւանին խստօրէն կոչ կ՛ուղղենք` զսպուածութիւն դրսեւորելու, քայլերու ձեռնարկելու ապամագլցման համար եւ խուսափելու որեւէ գործողութենէ, որ յղի է կացութեան հետագայ վատթարացումով:
«Յառաջացող բոլոր հարցերը պէտք է լուծել բացառապէս խաղաղ, քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով: Կատարուածը անգամ մը եւս կը հաստատէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի` 2020-2022 թուականներուն բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:
«Վստահ ենք, որ տարածքային վէճերը պէտք է լուծել հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերով երկկողմանի յանձնախումբի ծիրին մէջ: Պատրաստ ենք այդ հոլովոյթին խորհրդատուական աջակցութիւն տրամադրելու», նշեց Զախարովա:
Պատասխանելով Հայաստանի` Հռոմի կանոնադրութեան միանալուն վերաբերեալ հարցումի մը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ. «Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմը արդէն մեկնաբանած է այդ հարցը, կրնամ միայն հաստատել, որ Հայաստանի` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան անդամակցութիւնը լաւագոյն կերպով չ՛անդրադառնար երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ»:
Անոր համոզումով` անիկա Երեւանին կը ստիպէ ընտրութիւն կատարել Միջազգային քրէական դատարանին գծով Արեւմուտքի կողմէ թելադրուող պարտաւորութիւններուն եւ Ռուսիոյ հետ քաղաքական երկխօսութեան ու եւրասիական համարկման ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան միջեւ:
«Մենք կ՛ակնկալենք համապատասխան հաւաստումներ ստանալ մեր հայ գործընկերներէն, եւ Երեւանը այդ մասին տեղեկացուած է», նշեց Զախարովա:


