Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւնները Խոչընդոտներու Բախեցան

February 16, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի շուրջ բանակցութիւնները լուրջ խոչընդոտի բախեցան, երբ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը չորեքշաբթի օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի պահանջով հեռացաւ բանակցութեան սեղանէն:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնած են, թէ իսրայէլեան պատուիրակութեան նախագահ, իսրայէլեան ներքին հետախուզութեան` Շապաքի տնօրէն Ռոնան Պար Նեթանիահուէն այլ կարծիք ունէր, եւ կարեւոր նկատած է Համասի դիրքորոշումը մեղմացնելով ազատ արձակուելիք պաղեստինցի բանտարկեալներու թիւը նուազեցնել ջանալու համար իսրայէլեան պատուիրակութեան Գահիրէ մնալը, սակայն Նեթանիահու մերժած է այդ գաղափարը:

Արեւմտեան լաւատեղեակ աղբիւր մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի տնօրէն Տաւիտ Պեռնաղ կտրուկ կերպով մերժած է պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի ղեկավարներէն, երկրորդ ինթիֆատան ղեկավարած եւ այդ պատճառով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Մարուան Պարղութին ազատ արձակելու պահանջը` նշելով, որ ատիկա կարմիր գիծ է:

«Արապիա» հաղորդեց, որ Իսրայէլի անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտարարած է. «Աշխարհը կ՛ուզէ պաղեստինցիներուն պետութիւն շնորհել. ատիկա պիտի չկատարուի»: «Միացեալ Նահանգներու` արաբական պետութիւններուն հետ Իսրայէլի պետութեան կողքին ահաբեկչական պետութիւն ստեղծելու մտադրութիւնը ցնորք է եւ ապակողմնորոշող հասկացողութիւն, եթէ միւս կողմը խաղաղութեան գործընկեր գոյութիւն չունի: 7 հոկտեմբերէն ետք որեւէ ժամանակէ աւելի յստակ դարձաւ, որ անոնց պետութիւն շնորհելը արգիլուած է: Այնքան ատեն որ մենք (իսրայէլեան) կառավարութեան մէջ ենք, պաղեստինեան պետութիւն պիտի չստեղծուի»:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալէլ Սմոթրիչ իր կարգին յայտարարած է. «Պաղեստինեան պետութիւն ստեղծելու ամերիկեան ծրագիրին համաձայն պիտի չըլլանք»: Իսրայէլացի նախարար Կիտէոն Սահեր եւս յայտնեց. «Պաղեստինեան պետութեան միջազգային միակողմանի ճանաչումը տագնապը անլուծելի պիտի դարձնէ»:

Պաղեստինեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «իսրայէլեան աջի նախարարներու` պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը մերժող յայտարարութիւնները»` աւելցնելով. «Որեւէ նախաձեռնութիւն, որ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ին լիարժէք անդամակցութեամբ չի սկսիր, դատապարտուած է ձախողութեան»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդեց, որ Պայտընի վարչակազմը միջինարեւելեան երկիրներու հետ կը շտապէ իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութեան ծրագիր մշակելու: Ամերիկացի պաշտօնատար մը այս առումով «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է. «Խաղաղութեան ծրագիրի բանալին Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման գործարքի գործադրումն է»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Կազայի մէջ պատերազմի շարունակութիւնը Միջին Արեւելքը կը դնէ մեծ վտանգի մը եզրին»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկած է Ռաֆահի մէջ որեւէ զինուորական գործողութեան ձեռնարկելէ առաջ քաղաքայինները պաշտպանելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու երթեւեկը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը:

«Օսթին Կալանթէն լսեց Խան Եունեսի եւ Կազայի կեդրոնին մէջ Իսրայէլի զինուորական գործողութիւններու զարգացման վերաբերեալ տեղեկութիւններ», աւելցուց նախարարութիւնը:

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» կայքը, մէջբերելով ամերիկեան աղբիւրներ, հաղորդեց. «Պայտընի վարչակազմը Իսրայէլին Ռաֆահի դէմ յարձակում գործելու կանաչ լոյս տուաւ»: Աղբիւրները նշած են, որ Պայտընի վարչակազմը չի ծրագրեր Իսրայէլը պատժել, եթէ Ռաֆահի դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծէ առանց քաղաքայիններու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու:

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի երկուշաբթի օր պատասխանելով այն հարցումին, թէ Պայտըն կրնա՞յ սպառնալ Իսրայէլի զէնքի մատակարարումը դադրեցնել, ըսաւ. «Պիտի շարունակենք Իսրայէլին աջակցիլ… եւ պիտի շարունակենք ապահովել, որ անոնք ունին այդ մէկը ընելու պէտք եղած գործիքներն ու կարողականութիւնը»: Ան 14 փետրուարին ալ մերժեց պատասխանել հարցումի մը, թէ Միացեալ Նահանգներ ի՞նչ պիտի ընեն, եթէ Իսրայէլ Ռաֆահի վրայ յարձակում շղթայազերծէ` ըսելով. «Ենթադրութեան խաղի մէջ պիտի չմտնեմ»:

Քանատան, Աւստրալիան ու Նոր Զելանտան,  անդրադառնալով Ռաֆահի ուղղութեամբ սպասուող իսրայէլեան յարձակումին, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կոչ ուղղեցին «Կազայի մէջ մարդասիրական նպատակներով անմիջական զինադադար հաստատելու»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, սակայն, երէկ յայտարարեց. «Մինչեւ յաղթանակ պիտի կռուինք, ինչ որ կը ներառէ Ռաֆահի մէջ ուժեղ քայլ մը` քաղաքային բնակիչներուն կռիւի շրջաններէն հեռանալ արտօնելէ ետք»:

Ապպաս. «Կազան Պաղեստինեան Իշխանութեան Պատասխանատուութիւնն Է,
Եւ Աշխատանքի Պիտի Լծուի Անմիջապէս, Որ Յարձակումը Դադրի»

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Կազան Պաղեստինեան իշխանութեան պատասխանատուութիւնն է, եւ իշխանութիւնը պատրաստ է իր պարտաւորութիւնները կատարելու «անմիջապէս, որ մեր ժողովուրդին վրայ յարձակումը դադրի: Կազայի համար պատասխանատու էինք եւ կը մնանք, եւ պիտի շարունակենք անոր պատասխանատու մնալ»:

Ան ըսաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը մտադիր է արաբական, շրջանային եւ միջազգային կողմերու հետ աշխատելու պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ նոր «նաքպա» (պաղեստինցիները այդպէս կը կոչեն 1948-ի աղէտը, «Ա.») տեղի ունենալը կանխարգիլելու համար:

Ապպաս գովաբանեց պաղեստինեան դատին նկատմամբ սէուտական կեցուածքները, ինչպէս նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը «իսկական եւ լուրջ ճնշում» չբանեցուց իսրայէլեան կառավարութեան վրայ` ամրապնդելու համար դէպի պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծում տանող քաղաքական լուծման հոլովոյթը:

Ան նշեց, որ խաղաղութեան հաստատման համար իսրայէլացի գործընկերը բացակայ է, որովհետեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն խաղաղութեան հոլովոյթին համար «խոչընդոտի» վերածուած է:

Ապպաս ըսաւ, որ պաղեստինեան նոր կառավարութեան կազմութիւնը պաղեստինեան ներքին հարց մըն է` աւելցնելով. «Շատ սուղ գին վճարեցինք պաշտպանելու համար պաղեստինեան անկախ որոշումը, եւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք անոր միջամտել կամ անոր վրայ վերահսկողութիւն հաստատել»:

Նշենք, որ Ապպաս չորեքշաբթի օր Համաս շարժումին կոչ ուղղած էր գերիներու փոխանակման գործարքի համաձայնութիւնը շուտով գոյացնելու` նոր աղէտ մը կանխարգիլելու համար:

Նախորդը

Էրտողան. «Եգիպտոս Այս Այցելութիւնը Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Կը Բանայ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.