Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-րդ տարելիցին առիթով, երեքշաբթի, 14 փետրուար 2024-ին, տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակը, ուր կը գտնուի Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:
Հարիրիի յիշատակին առիթով մայրաքաղաք հասած քաղաքացիները աղօթեցին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին անոր դամբարանին վրայ, ինչպէս նաեւ բարձրացուցին պաստառներ` պահանջելով անոր զաւկին` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաղաքական ասպարէզ վերադարձը:
Դամբարան այցելեցին նաեւ լիբանանցի պետական պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխաններ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներ ու համակիրներ:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, իր հօրաքրոջ` նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրիի եւ հօրեղբօր` Շաֆիք Հարիրիի հետ, ժամը 12:55-ին հասաւ Կեդրոնական Պէյրութ:
Ան ողջունեց հրապարակը լեցուցած հաւաքը, որ ջերմօրէն ողջունեց զինք եւ զօրակցութեան կարգախօսներով դիմաւորեց զայն: Ապա աղօթեց իր հօր դամբարանին վրայ եւ վերադարձաւ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանը:
Մոհամետ Ամին մզկիթէն հեռանալու պահուն Հարիրի լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն ժողովուրդին ուղղեց հետեւեալ խօսքը. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եկած են հոս: Կ՛ուզեմ ձեզի ըսել, որ ուր որ ալ ըլլամ, ձեր կողքին պիտի մնամ: Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի, իսկ Սաատ Հարիրի ժողովուրդը չի լքեր: Բոլորին ըսէ՛ք, որ դուք հրապարակ վերադարձած էք, եւ առանց ձեզի երկիրը չի զարգանար: Երկրին ոգին դուք էք, պահպանեցէ՛ք երկիրն ու անոր բազկերակը: Ես ձեր կողքին եմ, եւ ամէն ինչ իր ժամանակը ունի»:
Սաատ Հարիրի երեկոյեան «Հատաս»-ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք քաղաքական ասպարէզէն հեռանալու իր որոշումը յետս չէ կոչած` աւելցնելով, որ տակաւին շատ կանուխ է այդ որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու:
Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքական ասպարէզ վերադառնալը լիբանանցիներուն համար առաջնահերթութիւն չի նկատուիր:
Սաատ Հարիրի ընդգծեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի պետութեան ծրագիր էր եւ չափաւորական անձնաւորութիւն մը` աւելցնելով, որ զայն սպաննողը սկսած է սուղ վճարել իր գործած յանցանքին գինը:
Նշենք, որ օր մը առաջ Հարիրի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն ընկերակցեցաւ նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու զարգացումները:
Հարիրի ընդունեց նաեւ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեանց ու Ամալ շարժումի պատուիրակութիւնները:
Հարիրիի այցելեցին նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան, կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար:
ՆՇԵՆՔ, որ Սաատ Հարիրիի յատուկ պատուիրակ Ժորժ Շաապան ընդգծեց, որ Հարիրի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանովի կողմէ հրաւէր մը ստացած է` այցելելու Մոսկուա:
Ան նշեց, որ ռուսական ղեկավարութեան հետ Հարիրի մնայուն կապի մէջ է` աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւնը չէ ընդհատուած, երբ Հարիրի որոշած է հեռանալ քաղաքական ասպարէզէն:


