Իսրայէլին, Ուքրանիոյ եւ Թայուանին 95 միլիառ տոլար օգնութիւն յատկացնելու վերաբերեալ օրինագիծը բաւականաչափ քուէներ ստացած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուելու համար:
Օրէնքի նախագիծին ծիրին մէջ Ուքրանիան պէտք է աւելի քան 60 միլիառ տոլար ստանայ: Իսրայէլը պիտի ստանայ 17,6 միլիառ տոլար: Նախաձեռնութեան թեր քուէարկած է 70 ծերակուտական, դէմ` 29:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սպիտակ տունը կ՛ըսէ, թէ Իսրայէլի վերաբերեալ իր քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն չկայ: Նշենք, որ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, թէ Ուաշինկթըն վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Իսրայէլի զէնքերու փոխանցման գործողութիւնները:
Այժմ փաստաթուղթը ուղարկուած է հանրապետականներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Ներկայացուցիչներու տուն:
Նախքան այդ, Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսըն յայտնեց, որ Քոնկրեսի ստորին պալատը պիտի չսերտէ օրինագիծը, որ Ծերակոյտին կողմէ կը քննարկուի:
Ան նշեց, որ նշեալ օրինագիծը իր ներկայ տարազին մէջ մերժելուն պատճառը ապօրինի գաղթականներու ներհոսքը կանխարգիլելու համար Մեքսիքայի հետ իր երկրին սահմանին վրայ որդեգրուած քայլերը խստացնելու հանրապետականներու պահանջներուն անտեսումն է:
«Ծերակոյտի արտաքին օժանդակութիւններուն շուրջ օրինագիծը լուռ կը մնայ մեր երկրին համար ամէնէն հրատապ խնդիրին նկատմամբ», նշեց ան` ակնարկելով ներգաղթի խնդիրին:


