Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպի Տարբեր Թրիփըլ Տապըլ Իրագործեց 10 Պլոքով

February 14, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վիքթոր Ուեմպանեամա (Ուեմպի) նշանակեց 27 կէտ եւ ձեռք ձգեց 14 ռիպաունտ եւ ասպարէզի մրցանիշ` 10 պլոք, երբ իր խումբը` Սան Անթոնիօ Սփըրզ 122-99 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դաշտէն, 7 յաջորդական պարտութիւններէ ետք:

Ուեմպի 14 փորձերէն 10-ն կրցաւ նշանակել, կատարեց 5 էսիսթ եւ 2 սթիլ 29 վայրկեանի ընթացքին ի նպաստ Սփըրզի, որ 27 յունուարէն ի վեր (Մինեսոթայի դէմ) որեւէ մրցումի չէր յաղթած:

Թեքսասի մէջ, Լուքա Տոնչիչ արձանագրեց այս տարեշրջանի իր 10-րդ թրիփըլ տապըլը, հակառակ 5 վայրկեան բացակայելուն Ուաշինկթըն Ուիզըրծի դէմ մրցումին: Տոնչիչ 26 կէտ նշանակեց, կատարեց 15 էսիսթ եւ ձեռք ձգեց 11 ռիպաունտ: Ան 5 վայրկեան դուրս եկաւ դաշտէն 3-րդ մասի վերջերուն, երբ կզակէն հարուած մը ստացաւ եւ դարմանուելու ելաւ: Ան «կարեր» ստանալէ ետք կզակին վրայ, վերադարձաւ դաշտ` օգնելու Քայրիի եւ խմբակիցներուն, որոնք հերոսացան 4-րդ մասին եւ յաղթանակ կերտեցին ի նպաստ Տալասի:

Տալաս 95-86 արդիւնքով ետ կը մնար Ուաշինկթընի դէմ, եւ անմիջապէս յաջորդական 6 կէտեր նշանակեց: Տոնչիչ իր ասպարէզի 66-րդ թրիփըլ տապըլը իրագործեց, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն 9-րդն է:

Քայրի Ըրվինկ 26 կէտ աւելցուց եւ Տանիէլ Կաֆորտ, որ Ուաշինկթընէն նոր եկած էր, իր նախկին խումբին դէմ նշանակեց 16 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 5 պլոքներ կատարեց:

«Ուժերու մրցումին» Միլուոքի Պաքս կրցաւ պարտութեան մատնել ախոյեան Տենվըր Նակեթցը 112-95 արդիւնքով: Եաննի Անթեթոքումփօ 36 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Նիքոլա Եոքիչ 29 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նակեթցի, որ 18-րդ պարտութիւնը կրեց` 36 յաղթանակներու դիմաց: Միլուոքի 35 յաղթանակ արձանագրած է 19 պարտութեան կողքին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 121-123
Չարլոթ Հորնեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ       111-102
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ   99-122
Աթլանթա Հոքս – Շիքակօ Պուլզ                 126-136
Միլուոքի Պաքս – Տենվըր Նակեթց                  112-95
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ         87-96
Հիւսթըն Ռոքեթց – Նիւ Եորք Նիքս                  105-103
Տալաս Մեւրիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրծ        112-104
Եութա Ճեզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ            107-129
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 100-121

Նախորդը

Կոստան Զարեանի Կոչին Ականջ Տալու Պահն Է

Յաջորդը

Ափրիկէի Ֆութպոլի Բաժակ. Փղոսկրեայ Ափունք Ախոյեան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.