Անցեալ շաբաթավերջին իսրայէլեան բանակը շարունակեց ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի սահմանագիծն ու սահմանամերձ շրջանները` ստանալով համապատասխան հակահարուածներ Դիմադրութեան կողմէ, որ միշտ թիրախ դարձուց իսրայէլեան զինուորական դիրքերն ու լրտեսելու սարքերը:
Սակայն գետնի վրայ իսրայէլեան ուժերուն գործած յարձակումներն ու զինուորական գործողութիւնները խախտեցին բախման կանոնները:
Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2024-ին, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Նապաթիէի մէջ թիրախ դարձուց ինքնաշարժ մը` մտածելով, որ հարուած պիտի հասցնէ Հըզպալլայի զինուորական գործողութիւններու հրամանատար Ալի Քարաքիի, սակայն իսրայէլեան ուժերը ձախողեցան Քարաքին թիրախ դարձնել:
Բախման կանոններու երկրորդ խախտումը իսրայէլեան բանակին կողմէ գործուեցաւ շաբաթ, 10 փետրուար 2024-ին, երբ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Իքլիմ Խարրուպի Ժատրա շրջանին մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց ինքնաշարժ մը, պատճառելով երեք զոհեր եւ վիրաւորելով ուրիշներ:
Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ժատրայի մէջ թիրախ դարձուցած են Համասի պատասխանատուներէն Պասել Սալեհը:
Աւելի ուշ ի յայտ եկաւ, որ իսրայէլեան ուժերը ձախողած են Սալեհը թիրախ դարձնել:
Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Հուլան` պատճառելով քաղաքային զոհ մը եւ վիրաւորելով 9 ուրիշներ:
Պէտք է աւելցնել, որ երէկ առաւօտեան իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետը որոշած է զրահապատ մեքենաներու 98-րդ գունդը Կազայէն փոխադրել Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջան:
Միւս կողմէ, ամբողջ շաբաթավերջին իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Սլուքի հովիտը, Հուլան, Քֆարհամամը, Ռաշայա Ֆըխխարը, Ֆարտիսը, Հապպարիէն, ինչպէս նաեւ կեղծ յարձակումներ գործեց Իքլիմ Թուֆֆահի, Նապաթիէի, Թուլի, Հարուֆի, Ժըպշիթի եւ Տուէյրի վերեւ:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող զինուորական դիրք մը` պատճառելով երեք վիրաւորներ. իսրայէլացի սպայ մը եւ երկու զինուորներ:
Դիմադրութեան մարտիկները «Ֆալաք 1» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան օդուժի Մայրունի խարիսխը, իսկ «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Այն Զիթիմ դիրքը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներ. արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Հըզպալլայի մարտիկները իրանեան արտադրութեամբ «Ալմազ» հրթիռով մը ռմբակոծած են իսրայէլեան Պաղտատի դիրքը եւ քանդած «Մերքաւա 4» տիպի հրասայլ մը:
Դիմադրութիւնը հրապարակեց նաեւ լուսանկարներ, որոնց մէջ ան ցոյց տուաւ «Սքայ լարք» տիպի իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը, որ գրաւուած է Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ:
Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը եւ քանդեցին անոր լրտեսական ու զինուորական սարքերը:


