Երէկ մահացաւ լիբանանեան ֆութպոլի հին աստղերէն Մահմուտ Պըրժաուին (Ապու Թալեպ)` 83 տարեկան հասակին:
Ապու Թալեպ, որ Պէյրութ թաղապետ ալ եղած էր, երկար ժամանակ յայտնի անուն եղած է լիբանանեան ֆութպոլին մէջ, հռչակ ստացած է իբրեւ ֆութպոլիստ` մարզիկ ըլլալով Նըժմէի, Ռասինկի, Թատամոն Պէյրութի եւ Անսարի հետ, երբ կը խաղար յառաջապահ կամ աջ յառաջապահ դիրքերու վրայ: Ան դարձած է մարզիչ ալ եւ եղած է Անսարի օգնական մարզիչ` Ատնան Շարքիի հետ, Անսարի փառքի օրերուն:
11 տարեկանէն Ապու Թալեպ ածականը տրուած է իրեն եւ ունի 3 տղաք` Խալետ, Թալեպ եւ Մոհամետ: Խալետ իր կարգին մարզիչ է:


