Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Երկխօսութիւնն Ու Դիւանագիտութիւնը Շրջանային Լարուածութիւնը Լուծելու Բանալիներն Են»

February 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի «Եու. էս. Թեսք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի հետ առցանց ժողովի մը ընթացքին վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը` միջազգային բանաձեւերը, ներառեալ` թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան համաձայն է զինադադար հաստատելու եւ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայելու, ինչպէս նաեւ երկրին կայունութիւնը երաշխաւորող միջազգային բոլոր բանաձեւերը գործադրելու:

«Թիւ 1701 բանաձեւը կոչ ուղղեց Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան զինեալ ուժերը տեղակայելու հարաւային Լիբանանի մէջ: Սակայն Իսրայէլ չյարգեց այս որոշումը, եւ իբրեւ այդպիսին Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան 35 հազար ոտնձգութիւն` օդային, ծովային եւ ցամաքային, արձանագրեցինք», շեշտեց ան:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ կը գործակցի` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը եւ զսպելու համար յաւելեալ լարուածութիւնները:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ երկու կողմերուն միջեւ բախման միջազգային կանոնները յարգուին` կանխարգիլելու համար այլ տագնապ մը:

«Երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը շրջանային տարակարծութիւններն ու լարուածութիւնը լուծելու բանալիներն են, իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը նախանձախնդիր է ամէն ջանք ի գործ դնելու` դիւանագիտական լուծման յանգելու համար: Հակառակ այս մօտեցումին, սակայն, Կազայի մէջ անմիջական զինադուլ հաստատելու խիստ կարիքը կայ, որպէսզի դիւանագիտութիւնը յաղթէ վայրագութեան եւ պատերազմին», շեշտեց Միքաթի:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան փուլը իսկապէս որ հսկայ մարտահրաւէրներու դիմաց դրած է երկիրը, յատկապէս երբ ան լուրջ տագնապներէ կ՛անցնի:

Միքաթի աւելցուց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը կ՛աշխատի նախագահական դատարկութեան փուլին վերջ մը տալ` աւելցնելով սակայն, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական անհամաձայնութիւնները կ՛արգելակեն արտաքին ազդակները եւ պատճառ կը դառնան, որ լուծման յանգիլը դժուարանայ:

Միքաթի կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխաններուն իրենց պատասխանատուութիւնը ճիշդ ձեւով ստանձնելու` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն իրագործումին, եւ աշխատելու նախագահական ընտրութիւն կատարելու ուղղութեամբ:

 

 

Նախորդը

«Հարաւային Լիբանանի Սահմանազատման Հարցով Պատրաստ Ենք Անուղղակի Բանակցութիւններու» Շեշտեց Պու Հապիպ

Յաջորդը

Յառաջիկայ Շաբաթ Լիբանանի Համար Կրնայ Նոր Զարգացումներու Շաբաթ Մը Ըլլալ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.