Երկուշաբթի, 29 յունուար 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Տուպայի լիբանանեան հիւպատոսարանը, ուր դիմաւորուեցաւ հիւպատոս Ասսաֆ Տումիթի եւ հիւպատոսարանի անձնակազմին կողմէ: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակային հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, թեմին մէջ ծառայող հոգեւորականները, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան, թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վարուժան Ներկիզեան եւ անդամները, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Հապիպեան եւ վարչութեան անդամները: Իսկ հիւպատոսին կողքին ներկայ էին իր անմիջական օգնականները:
Հիւպատոս Տումիթ ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը` զայն նկատելով Լիբանանի զօրակցութեան շօշափելի մէկ արտայայտութիւնը. այցելութիւն մը, որ մեծապէս պիտի նպաստէ Էմիրութիւններու ու Լիբանանի յարաբերութեան առաւել զարգացման: Ան յիշեց, որ շուրջ 500.000 լիբանանցիներ կայք հաստատած են Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն երկրի զարգացման ու կը նպաստեն Լիբանանի ընկերային-տնտեսական կարիքներուն:
Վեհափառ հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Լիբանանի հիւպատոսարանին մէջ, եւ որ լծուած է պայմաններու բերումով Տուպայ հաստատուած լիբանանցիներու կարիքներուն օգտակար դառնալու: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց հիւպատոսարանի գործունէութիւնը: Ապա, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Հանդիպման աւարտին վեհափառ հայրապետը մօտէն տեղեակ դարձաւ հիւպատոսարանի զանազան բաժանմունքներու գործունէութեան:
Նոյն օրը, վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ յաջորդաբար ընդունեց ազգային բարերարներ եւ թեմական կառոյցներու ատենապետներ:


