Լիբանանի շարունակուող ֆինանսական եւ տնտեսական տագնապին առընթեր արձանագրուող սղաճը եւ օտար արժոյթի դիմաց լիբանանեան դրամանիշով կատարուող կայուն վճարումներու կտրուկ արժեզրկումները «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան կը պարտադրեն վերատեսութեան ենթարկել թերթին հատավաճառը:
Վարչական բաժինին եւ հաշուապահութեան հետ կայացած խորհրդակցութիւններէ ետք «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը որոշեց ներկայ փուլին «Ազդակ»-ի հատավաճառը ճշդել` 50.000 Լ.Ո.:
Պարզ է, որ նշուած ընթացքը նկատի ունենալով, այս որոշումը չի յաջողիր հաւասարակշռել ամէն ինչ օտար արժոյթով ճշդուող «Ազդակ»-ի ծախսերը:
«Ազդակ»-ի թղթային տարբերակի առօրեայ հրատարակութիւնը կ՛իրականանայ դժուարին պայմաններու մէջ: Մեր ընթերցողներուն հասկացողութեան ապաւինիլը միշտ եղած է տնօրէնութեան կայացուցած որոշումներուն կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկը:


