Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամապատ Այցելելով` Ապտոլլահեան. «Ահաբեկչութեան Պիտի Չարտօնենք Իրանի Եւ Փաքիստանի Յարաբերութիւնները Քայքայել»

January 30, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ իր փաքիստանցի պաշտօնակից Ապպա Ժիլանիի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը ահաբեկչութեան պիտի չարտօնէ Իրանի եւ Փաքիստանի յարաբերութիւնները քայքայել:

«Հասարակաց սահմանամերձ շրջաններ գտնուող ահաբեկիչները անկասկած կը գործադրեն հրամանները երրորդ երկրի մը, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն կայունութիւնը չ՛ուզեր», ըսաւ Ապտոլլահեան` աւելցնելով. «Այսօր համաձայնեցանք երկկողմանի յարաբերութիւնները ընդլայնելու` ամրապնդելու համար հասարակաց անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու տնտեսական յարաբերութիւնները, եւ մենք համաձայն ենք, որ մեր սահմանային անցակէտերը սահմանամերձ նահանգներու զարգացման առիթ ըլլան»:

«Ահաբեկչութեան պիտի չարտօնենք մեր անվտանգութիւնն ու մեր ժողովուրդի շահերը վտանգել», ըսաւ ան` նշելով. «Գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան հարցին շուրջ որեւէ տարակարծութիւն չունինք»:

«Փաքիստանի հետ մեր յարաբերութիւնները պատմական են, եւ մենք մէկ ժողովուրդ ենք, մէկ աշխարհագրական երկու տարբեր շրջաններու մէջ», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Փաքիստանի անվտանգութիւնը Իրանի անվտանգութեան եւ շրջանի անվտանգութեան անքակտելի մասը կը նկատենք»:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ Փաքիստանն ու Իրանը համաձայնած են միասնաբար դիմակայել ահաբեկչութիւնը եւ մտադիր են ընդլայնել քաղաքական ու ապահովական գործակցութեան ծիրը:

Ան նշեց, որ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան յարգումը կարեւոր է Իրանի եւ Փաքիստանի միջեւ գործակցութեան համար` նշելով, որ երկու երկիրները համաձայնած են զարգացնել երկու երկիրներու սահմանամերձ շրջաններու տնտեսութիւնը:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը կիրակի գիշեր հասած էր Փաքիստան` երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ հարուածներէն ետք յառաջացած լարուածութիւնը հանդարտեցնելու նպատակով:

Նախորդը

Թեհրան. «Իրան Կապ Չունի Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն Վրայ Կատարուած Յարձակումներուն Հետ»

Յաջորդը

Նեթանիահուի Գրասենեակը Փարիզի Բանակցութիւնները «Շինիչ» Կ՛որակէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.