ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց թիւ 2/2024 հրամանագիրը, որուն համաձայն` Մար Մարունի տօնին եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 19-ամեակին առիթով ուրբաթ, 9 փետրուար 2024-ին եւ չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2024-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի պահեն իրենց դռները:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ Շամի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը, որուն հետ քննարկեց տիրող տնտեսական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման կառավարութեան ծրագիրը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ պահանջուած բարեկարգումները կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ կոչ ուղղեց միջազգային անմիջական օժանդակութիւն տրամադրելու, ինչպէս նաեւ մնայուն լուծումներ ապահովելու` պաղեստինցի գաղթականներուն արժանապատիւ կեանք մը ապահովելու նպատակով:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող քաղաքական հարցերը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` տարբեր դիտանկիւններէ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, անդրադառնալով պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակող միջազգային կազմակերպութեան` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու որոշումին, յայտնեց. «Մտահոգ ենք ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումի կասեցման որոշումով եւ զայն կը նկատենք նախաքայլ` պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցումը իրականացնելու»:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր: Պու Ֆաուր կոչ ուղղեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի անմիջապէս կասեցնէ պաղեստինցիներուն դէմ գործած իր ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ քննադատեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու որոշումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ անհրաժեշտ նկատեց, որ անհեթեթ տագնապներու փոխարէն լրջօրէն մտածուի հայրենիքը պաշտպանելու մասին: «Հայրենիքը պէտք է պաշտպանել այն պատերազմէն, որ օրըստօրէ աւելի իրական կը դառնայ», ըսաւ ան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ռաժի Սաատ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը մնայ Լիբանանի խիղճը` աւելցնելով, որ անոր դէմ գործուած յարձակումը ազգային համերաշխութիւնն ու լիբանանցիներուն միջեւ համակեցութիւնը պահպանելու չի ծառայեր:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նշեց, որ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծն ու յանձնախումբին կողմէ առաջարկուած բարեփոխումները զայն օրինակելի պետական ամավարկի մը չվերածեցին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու Արեւմուտքի որոշումը բացայայտ կերպով իսրայէլեան բռնարարքներուն նկատմամբ կողմնակալ ըլլալու կեցուածք է: Անդրադառնալով 2024-ի պետական ամավարկին` Ապտալլա յայտնեց, որ անիկա գործարկման ամավարկ է` աւելցնելով, որ կատարուած աշխատանքը կրնայ հազիւ ապահովել ընկերային ոլորտին նուազագոյն պահանջը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն, պատասխանելով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ արձանագրուող ցեխարձակումներուն, յայտնեց, որ ան լիբանանեան միասնականութեան գոյացութեան հսկող հոգեւոր պետն է` աւելցնելով, որ անոր մասին կատարուած պիտակումները անճիշդ են:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Իլ Փարքը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, մանաւանդ Կազայի մէջ Իսրայէլի գործադրած ցեղասպանութեան լոյսին տակ: Քննարկուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններն ու Իսրայէլի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը մնայուն կերպով խախտելու իրականութիւնը:


