Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի Թուրքիա պաշտօնական այցելութիւնն ու անոր արդիւնքները երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի եւ շրջանային համագործակցութեան նոր էջի սկիզբն են: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան:
«Երկկողմանի համաձայնագիրները բարի դրացնութեան եւ բազմազանացման քաղաքականութեան ծիրին մէջ են եւ կը վերաբերին յարաբերութիւններու բոլոր ոլորտներուն, ներառեալ առեւտուրը, ներդրումները, տնտեսութիւնը, մաքսայինը, արդիւնաբերութիւնը, սահմանային շուկաներու եւ ազատ գօտիներու ընդլայնումը, մշակոյթը, զբօսաշրջութիւնը, սահմանային անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը», գրած է Ապտոլլահեան:


