Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չորեքշաբթի օր նամակ մը յղած է Քոնկրեսի առանցքային յանձնախումբերու ղեկավաներուն` տեղեկացնելով, որ մտադիր է Անգարայի կողմէ` Շուէտի ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումի վաւերացման հոլովոյթի աւարտէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ «Լաքհիտ Մարթին»-ի «Էֆ-16» հալածիչներու վաճառքի պաշտօնական ծանուցման հոլովոյթին սկսելու: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ»-ը:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու եւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերու բարձրաստիճան հանրապետական եւ դեմոկրատական անդամներուն ուղղուած նամակին մէջ Պայտըն Քոնկրեսին կոչ ուղղած է` «առանց յապաղելու» հաստատելու վաճառքը: Այս մասին լրատու գործակալութեան յայտնած է ամերիկացի պաշտօնատար մը:
Նամակին ծանօթ չորս աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, թէ Սպիտակ տունը նամակ յղած է Քոնկրեսի անդամներուն` կոչ ուղղելով հաստատելու Թուրքիոյ 20 միլիառ տոլար արժողութեամբ «Էֆ-16» օդանաւերու եւ արդիականացման սարքաւորումներու վաճառքը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը երեքշաբթի օր վաւերացուցած էր Շուէտի ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումը, որ այժմ պէտք է ստորագրուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ` այդպիսով 20 ամիս ձգձգելէ ետք վերացնելով արեւմտեան զինուորական դաշինքի ընդլայնման հիմնական խոչընդոտը:


