Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ գործուող մշակութային սպանդը կանխարգիլելու հիմնական միջոցներէն են հոն միջազգային խաղաղապահներու ներկայութիւնն ու յստակ գործիքակազմերու գոյութիւնը:
Պրիւքսելի մէջ, «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին փոխանցմամբ, համապարփակ քննարկումէ ետք նման եզրակացութեան եկած են Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած «Պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը» խորագիրով համագումարին մասնակիցները:
Մասնակից երեսփոխանները վստահեցուցած են, որ ամէն բան պիտի ընեն, որպէսզի հարցը նաեւ ուշադրութեան կիզակէտը դառնայ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինին:
Եւրոպական խորհրդարանի սլովաք երեսփոխան Միրիամ Լեքսման իր խօսքին մէջ նշած է, որ Եւրոպական Միութեան պարտքն է ամէն ինչ ընել Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը փրկելու համար:
«Եւրոպական խորհրդարանը բազմիցս բարձրաձայնած է ազրպէյճանական կեղծ թեզերու եւ միտումնաւոր կերպով հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու մասին: Հակառակ ատոր` Եւրոպական Միութիւնը կարճաժամկէտ տնտեսական խաղի մէջ է եւ պայմանագիր ունի Ազրպէյճանի հետ: Ասիկա անընդունելի է, եւ մեր պարտքն է ամէն ինչ ընել հայկական ժառանգութիւնը փրկելու համար», ըսած է Լեքսման:
Գլխաւոր բանախօսներէն Փիեռ տը Արժանը, որ միջազգային օրէնքի յայտնի մասնագէտ է եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատմամշակութային ժառանգութեան հարցերով ներկայացուցիչը, իր խօսքին մէջ նշած է, թէ Պաքուն այսօր կը փորձէ համագումարի վերնագիրին մէջ եղող երկու բառերը վերացնել` հայկականը եւ Լեռնային Ղարաբաղը: «Պաքուն հարցականի տակ կը դնէ հայկականը եւ անոր համար գոյութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղը: Անոնք կ’ուզեն իրենց հսկողութեան տակ պահել պատմութիւնը: Խտրականութիւնը եւ պատմութեան խեղաթիւրումը այդ երկիրին մէջ պետական քաղաքականութիւն են: Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութիւնը կենդանի է, ապրող է, եւ անիկա կրնայ գոյութիւն ունենալ, եթէ արցախահայութիւնը զայն կ’ապրեցնէ», ըսած է Տը Արժան:
«Եւրոպա Նոսթրա» (Քաղաքացիական հասարակութեան եւրոպական ձայնը` նուիրուած մշակութային ժառանգութեան) կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սնեշքա Քուաետվլիէկ Միխայլովիչի խօսքով` Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի խիստ հռետորաբանութիւն որդեգրէ կատարուածին վերաբերեալ եւ յստակ մեքանիզմով կանխարգիլէ մշակութային ողբերութիւնը, որուն ականատեսն ենք այսօր:
«Այն իրականութիւնը, որ 2023 թուականին ալ կրնայ ցեղային զտումներ գործուիլ, մտահոգիչ եւ վտանգաւոր է: Խաղաղութեան պայմանագիրի մասին կը խօսուի, սակայն մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ անիկա կը պարունակէ մշակութային ժառանգութեան ամբողջական պաշտպանութիւն: Այսօր մենք կարելիութիւն չունինք համագործակցելու մշակութային ժառանգութեան ազրպէյճանցի մասնագէտներու հետ, սակայն շատ կը փափաքէինք», նշած է «Եւրոպա Նոսթրա»-ի ընդհանուր քարտուղարը:
Եւրոպական եկեղեցիներու համախմբումի քարտուղար Փեթեր Փաւլովիչի դիտել տուած է, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը ինքնութեան հետ անմիջական առնչութիւն ու շատերու վրայ ազդեցութիւն ունի: Ան եւս կարեւոր նկատած է առկայութիւնը միջազգային դիտորդական գործիքակազմի, որ պէտք է փոխարինէ խօսքերը:
Նոյն ծիրին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի իտալացի երեսփոխան Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալատոն առաջարկեց եւրոպական արբանեակները օգտագործել, հետեւելու եւ փաստագրելու Արցախի մէջ տեղի ունեցող ամէն բան` հետագային զանոնք իբրեւ ապացոյց օգտագործելո միջազգային կառոյցներու մէջ: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը համոզուած է, որ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու հզօր թղթածրարը միակ լուծումն է:
Համագումարի աւարտին մասնակիցները դիտած են Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան, համագումարի կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցած Կզավիէ Պլիամիի տեսաուղերձը: «Բռնապետ մը կ’ուզէ ջնջել ամբողջ ժողովուրդ մը եւ վերացնել անոր գոյութեան վերաբերեալ որեւէ հետք: Մենք գիտենք, որ ցեղասպանութիւնը տեղի կ’ունենայ ժխտողականութեամբ, իսկ ժխտողականութիւնը կու գայ աւերումով: Արցախահայերը այսօր զրկուած են իրենց պատմական շարունակականութենէն եւ իրենց հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւուքէն», ըսած է Պելիամին:


