ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 3000 լ. ոսկիով, մազութինը` 10.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 7000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.503.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.543.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.486.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 930.000 լ. ոսկի:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան բանակին կարիքներն ու լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանային բախումները: Վրոնեցքա հաստատեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ բոլոր մարզերուն մէջ օժանդակելու Լիբանանին, յատկապէս լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, նախքան 2024-ի պետական ամավարկի վաւերացումը, կոչ ուղղեց բոլորին նկատի ունենալու Լիբանանի ճամբաներուն պարզած կացութիւնը` հաստատելով, որ անիկա առողջապահութեան եւ ելեկտրականութեան մարզերէն նուազ կարեւոր չէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ զինուորական ճակատները միացնելու որոշումը լիբանանցիներուն ազգային ինքնորոշման իրաւունքին դէմ գործուած ոտնձգութիւն է: Ան աւելցուց, որ այս հարցին լուծումը կարելի է ապահովել միայն հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ լիբանանեան բանակին տեղակայումով:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի կոչ ուղղեց Լիբանանը չէզոք պահելու շրջանային զարգացումներէն: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու համար ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններուն սպասողը չի կրնար որոշում տալ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական ուժերը բարեկարգումի ծրագիրի մը շուրջ չհամաձայնին, ապա հանրապետութեան նոր ընտրուելիք նախագահը պիտի չկարենայ յաջողութիւն արձանագրել:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այուպ յայտնեց, որ համախմբումը պիտի մասնակցի 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը քննարկելու խորհրդարանական նիստին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ անհրաժեշտ նկատեց, որ նախագահական ընտրութեան պարագային լիբանանցիները երրորդ թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնեն` նկատել տալով, որ երրորդ անունը կրնայ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը ըլլալ: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին աշխատանքը` նախագահական ընտրութեան իմաստով, հիմնական է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան երրորդ ընտրանքը սխալ չէ, պայմանով որ անիկա լիբանանեան պետութեան վերադարձնէ իր հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացնէ տնտեսական բարեկարգումներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Ան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ խորհրդարանական նիստեր գումարելու` նկատել տալով, որ այլապէս նախագահական դատարկութեան փուլը պիտի շարունակուի: Միւս կողմէ, Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը առկախուած է` աւելցնելով, որ եթէ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ լիբանանեան բանակը տեղակայուած ըլլար, այսօր երկիրը այս վիճակին մէջ չէր յայտնուեր, եւ ներկայիս արձանագրուած բախումները չէին վկայեր:


