ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սաութ քըլ Լըպնեն» ռատիոկայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը` «Ահտաս ֆի հատիս» յայտագիրէն:
Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան ամէն իմաստով կը գտնուի փլուզուած վիճակի մէջ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական, «հետեւաբար կարելի չէ լիբանանցիները հանգստացնող յայտարարութիւններ կատարել եւ անոնց մտահոգութիւնները փարատել», ըսաւ ան` աւելցնելով սակայն, որ կարելի է քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ փոխադարձ ցեխարձակումներն ու վարկաբեկիչ յայտարարութիւնները մեղմացնել, որպէսզի քաղաքացին յաւելեալ ճնշումի չենթարկուի:
Անդրադառնալով արտաքին աշխարհին կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի նկատմամբ արտաքին աշխարհին հետաքրքրութիւնը կը համապատասխանէ անոր սեփական շահերուն եւ քաղաքականութեան:
«Ներկայիս առաջնահերթութիւն կը նկատուի Կազայի պատերազմին կասեցումը, ապա հարաւային Լիբանանի ապահովական մագլցումներու շրջագիծի ընդարձակման կանխարգիլումը, եւ վերջապէս` Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը հարաւային Լիբանանի դէպքերէն անջատելը», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ երկիրը ոչ միայն նախագահական դատարկութեան փուլի մէջ է, այլեւ` ընդհանուր դատարկութեան փուլի մէջ: Այս շրջագիծին մէջ ան ակնարկեց մայիսին տեղի ունենալիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն` ընդգծելով, որ այդ ընտրութիւնները կատարելու իմաստով նախապատրաստական ոչ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի:
«Երկիրը ընդհանուր դատարկութեան մատնուած է, իսկ լիբանանցին օտար պետութիւններուն հետաքրքրութեան կը սպասէ», աւելցուց ան:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն նախագահ ընտրելու մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կեցուածքին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ֆրենժիէի ընտրութիւնը մերժելու Պասիլի կեցուածքը նորութիւն չէ, սակայն ան բազմիցս ակնարկած է Ֆրենժիէն ընտրելու կարելիութեան, պայմանով որ վարչական ապակեդրոնացեալ ընդարձակ դրութիւնը վաւերացուի»:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ հարցը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը չէ միայն: «Համաձայնութիւնը կամայ թէ ակամայ պիտի գոյանայ, եւ կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք արմատական լուծման կարիք ունին», հաստատեց ան:
Հարցազրոյցին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ:


