Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հանդիպած է «Համաս»-ի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի հետ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ անոնք միտքեր փոխանակած են Կազայի հատուածին մէջ զինադադարի դրութիւն հաստատելու կարելիութեան շուրջ:
Քննարկուած են մարդասիրական օգնութեան ծաւալները մեծցնելու եւ պատանդները ազատ արձակելու հարցերը: Շօշափուած է երկու պետութիւն ստեղծելու հիման վրայ տագնապը լուծելու նիւթը` շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար:


