Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին հարցուցած են, թէ արդեօք Եմէնի հուսիներու թիրախներուն դէմ կատարուած ամերիկեան հարուածները ազդո՞ւ են:
«Եթէ կը հարցնէք` անոնք ազդո՞ւ են հուսիները կանգնեցնելու համար, ո՛չ: Անոնք (հուսիները, «Ա.») պիտի շարունակե՞ն (նաւերու դէմ հրթիռներ արձակել), այո՛», յստակ պատասխանած է Պայտըն:
Անցեալ ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ հուսիները Արաբական ծովու Ատենի ծոցին մէջ յարձակում գործած են ամերիկեան «Չեմ Ռէյնճըր» քարիւղատարի վրայ:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը «Էքս»-ի վրայ հաստատեց լուրը` աւելցնելով, որ յարձակումը տեղի ունեցած է 18 յունուարին, տեղական ժամանակացոյցով ժամը շուրջ 21:00-ին: Հրթիռները ինկած են ջուրը` նաւուն մօտ:
Հուսիները երկու ցամաք-ծով թեւաւոր հրթիռ արձակած են Մարշալեան կղզիներու դրօշով նաւարկող ամերիկեան քարիւղատար նաւու վրայ: Մարդկային վնասներ չկան: Նաւը եւս չէ վտանգուած եւ շարունակած է իր նաւարկումը:
Յիշեցնենք, որ օրերս Ուաշինկթըն եւ Լոնտոն համակարգուած հարուած հասցուցած էին Եմէնի մէջ հուսիներուն պատկանող թիրախներու: Ապա Միացեալ Նահանգներ յաւելեալ քանի մը հարուած հասցուցած էր հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն:
Փենթակոն յայտարարած էր, որ հուսիները «անմիջական սպառնալիք են շրջանին մէջ առեւտրական նաւերու եւ Միացեալ Նահանգներու ծովուժի նաւերու համար»:


