Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ պատրաստ չէ կանխատեսումներ կատարելու, թէ Իրանի եւ Փաքիստանի միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ կացութիւնը ինչպէ՛ս պիտի զարգանայ:
«Ինչպէս կը տեսնէք, շրջանին մէջ Իրանին այնքան ալ չեն սիրեր: Ասիկա հետագային ինչպէ՞ս պիտի զարգանայ: Մենք կ՛աշխատինք հետազօտել կացութիւնը, ես չեմ գիտեր, թէ անիկա ինչպէ՛ս պիտի շարունակուի», ըսած է ան` մեկնաբանելով Իրանի եւ Փաքիստանի միջեւ փոխադարձ հարուածները: Ան լրագրողներու հետ զրուցած է Սպիտակ տան հարաւային մասին մէջ` Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգ թռչելէ առաջ:
Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնած է. «Մենք մտահոգուած ենք շրջանին մէջ լարուածութեան աճով: Մագլցումի կարիք չկայ, եւ մենք բոլոր կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղենք»:
Միլլըր մերժած է յստակ պատասխան տալ այն հարցումին, թէ այս պարագային Միացեալ Նահանգներ ո՛ր կողմին կ՛աջակցի:
Ան միեւնոյն ժամանակ յայտարարած է, որ Իրան շատոնց «կը ֆինանսաւորէ ահաբեկչութիւնն ու անկայունութիւնը, եւ տարակարծութիւններ կը սերմանէ Միջին Արեւելքի մէջ»:
Միլլըր յիշեցուցած է, որ Փաքիստան ՕԹԱՆ-էն դուրս Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր դաշնակիցներէն է, սակայն վստահեցուցած է, որ Ուաշինկթըն «մագլցումի անհրաժեշտութիւն» չի տեսներ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Իրանի եւ Փաքիստանի իր պաշտօնակիցներուն հետ 18 յունուարի առաւօտեան ունեցած հեռաձայնային զրոյցէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է, որ Թեհրան եւ Իսլամապատ չեն ուզեր շրջանին մէջ լարուածութիւնը սրել: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ֆիտան Յորդանանի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է, որ Թուրքիան երկու երկիրներուն խորհուրդ տուած է խուսափելու ապագայ մագլցումներէն եւ կարելի եղածին չափ արագ վերականգնել հանդարտութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Իրանն ու Փաքիստանը վերջերս իրարու օդային փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են: Կողմերը կը հաղորդեն քաղաքային զոհերու մասին:
Փաքիստան հիւլէական զէնք ունեցող երկիր է:


