ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Մեզ հայ պահող ուժը, մեր ազգասիրութիւնն է, մեր հայրենասիրութիւնը: Մենք զմեզ ճանաչում ենք մեր լեզուով, որ խօսելու են մեր հողի մարդիկ… մեր երկիրն է մեր ինքնաճանաչման վկան, Արարատն է ու Արագածը, Սեւանն է ու Վանայ ծովը»:
Այս տողերուն հեղինակը հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի վարպետներէն եւ յատկապէս «ԵղԷգները չխոնարհուեցին» ու «Անառագաստ նաւակներ» նշանաւոր վէպի հեղինակ Ստեփան Ալաճաճեանին կը պատկանին, որ յունուար 3-ին իր ծննդեան հարիւրամեակն էր:
Իբրեւ արագ վերաքաղ` յիշեցնեմ. Ստեփան Ալաճաճեան ծնած էր Հալէպ, 3 յունուար 1924-ին, զէյթունցի ծնողքէ, եւ որ` 1946-ին, հազիւ 22 տարեկան պատանի, իր ընտանիքին հետ կը ներգաղթէր հայրենիք: Ապա տարիներ ետք, 1992-ին, առողջական պատճառներով (ձայնային լարերու քաղկեղ) դուրս կու գար Խորհրդային Հայաստանէն եւ 2001-էն սկսեալ, բնակութիւն կը հաստատէր Լոս Անճելըսի մէջ:
Ալաճաճեան ստեղծագործել սկսած էր աշակերտական տարիներուն: Իր առաջին բանաստեղծութիւնը` «Ծովուն երգը», տպագրուած է 1939-ին (Պէյրութ): 1942-ին կը հրատարակուի անոր բանաստեղծութիւններու առաջին ու վերջին` «Վշտի ծաղիկներ» ժողովածուն: 1951-ին կ՛աւարտէ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան բաժինը: 1957-1963-ին աշխատած է «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրին մէջ` իբրեւ արձակի բաժինի վարիչ: 1979-ին «Հայֆիլմ»-ի առաջարկով կ՛անցնի բեմագրութեան: Կը նկարահանուին «Կտոր մը երկինք» եւ «Ճերմակ անուրջներ» ժապաւէնները` մասնակցութեամբ տաղանդաւոր ժապաւէնի բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի: Երկու ժապաւէններն ալ կ՛արժանանան միջազգային զանազան մրցանակներու:
Արձակագիր Ստեփան Ալաճաճեան նաեւ տարած է թարգմանական հսկայ աշխատանք: Ճիշդ այս իսկ պատճառով իր անուան կողքին նշուած է թարգմանիչ մակդիրն ալ: 2008-ի սեպտեմբեր 19-ին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէն կը պարգեւատրուի ոսկեայ մետալով: Կը մահանայ 23 Դեկտեմբեր 2010-ին:
Արդ, ո՞վ չճանչցաւ «Եղէգները չխոնարհուեցին ու անառագաստ նաւակներ»-ու հեղինակը, որ «19-րդ դարավերջին թափ առած եւ 20-րդ դարասկիզբին պատմական դարձակէտ նուաճած հայ ազատագրական շարժումին պատգամը իր գրիչին տակ սերունդներուն մատուցած էր «Չխոնարհուող եղէգներ»-ու սրտառուչ պատկերով»:
Այս վէպով Ստեփան Ալաճաճեան հայկական մարտունակութիւնը մարմնաւորեց մարդկային «եղէգներով», որոնք նոյնիսկ ահաւոր ճնշումներու եւ հարուածներու տակ բնաւ «չխոնարհուեցին»:
Ըսէ՛ք` ո՞վ չէր ճանչնար այս հայ գրողը: Ան զաւակն էր այն սերունդին, որ տարագրութեան տարիներուն իրեն հետ ո՛չ գանձ, ոչ` ժառանգութիւն տարած էր, այլ միայն` յուշեր, ազգային սովորութիւններ, երգեր եւ արմատներուն հաւատարիմ մնալու հայու ուխտ:
Անկասկած տաղանդաւոր գրող մըն է Ալաճաճեան եւ` վարակիչ համեստութեան տէր մտաւորական, որ ամբողջ իր կեանքի ընթացքին դարձաւ փայլուն աստղ մը` մեծերու «երկնքին» վրայ:
Իր հեղինակած գլխաւոր վէպի կողքին, նաեւ պէտք է յիշել` «Լուսաւորեալ խորաններ»-ը, «Վաթասունականք»-ը, «Յորձանուտ»-ը, «Անապատումը» եւ շատ ու շատ ստեղծագործութիւններ, որոնք կը յայտնաբերեն հեղինակին իւրայատուկ հաղորդականութեան տէր ըլլալը, մփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հանրային ճանաչողութեան տէր` իբրեւ հայ անհատ ճանաչումի կողքին:
Ծագումով արեւմտահայ, իսկ գրութիւններով արեւելահայ այս հեղինակը
իր կեանքի գրեթէ վերջին երկու տասնամեակներուն թէեւ հայրենիքէն հեռու ապրեցաւ, սակայն հայրենի իրականութենէն ինքզինք բնաւ չխզեց:
Ահա թէ ո՛վ էր ան… Ստեփան Ալաճաճեան այն գրողն էր, որ իր գրիչով եւ մտքի հոսքով մեծութիւն մը եղաւ: Երբ զինք կը կարդաս կամ կ՛ունկնդրես, անպայմանօրէն կը զգաս, որ հոգիիդ մէջ բան մը կը փոխուի: Անոր համար այս օրերուն կը սիրեմ իր արժէքը տեսնել ու կը փնտռեմ զայն` իբրեւ օրինակ:
Անոնք, որոնք զինք մօտէն չեն ճանչցած, կրկնութեան գնով ըսեմ, որ մեծ մտաւորական մըն էր, որ միշտ իր միտքի պայծառութեամբ ապրեցուցած էր ինքզինք եւ իրեն հետ նաեւ` իր ազգը:
Իր մտերիմները կրնան հաստատել, թէ ինք ո՛ւր որ ալ յայտնուէր, միշտ կը դառնար կեդրոնական եւ համեստ անձ մը` իր խոր գիտակցութեամբ եւ իր առինքնող ժպիտով, յատկապէս` իր բոլոր նիւթերուն «առաջնորդի» տիպարով: Մարդկային հոգիներուն տիրելու անուրանալի տաղանդով օժտուած Ալաճաճեան գրողը միշտ հանդարտ անկեղծութիւն մը գծելով իր դէմքին` հաստատապէս դարձած էր համեստագոյն զինուորը` Մեսրոպ Մաշտոցի դարաւոր բանակին:
Հեզաբարոյ, ճշդապահ եւ համակ հաւատք ու նուիրում ունեցող ազնուական ներկայութեան տէր` ան միշտ գրեց եւ խօսեցաւ իր հոգին լեցնելու համար` իր բառերուն մէջ պահելով յատուկ հաւատք, ջերմութիւն եւ շունչ:
Իր մտքերն ու զգացումները բացայայտ են ու առանց ցուցամոլութեան: Մէկ խօսքով` անզուգական մտաւորական մը, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ մը, որ մեր գրականութեան ձգեց իր գրական բեղուն վաստակը:
Իւրաքանչիւր ընթերցող անպայման կրնայ «տեսնել» այս հայուն խորապէս դրոշմուած հայրենասիրութիւնը` հայ մարդու եւ հայ մտքի առաքելութեան հաւատացող եւ հարուստ փորձառութեան տէր մտաւորականի կոչումին կողքին:
Միշտ իր մասին վկայուած է, որ` «Ալաճաճեան որակաւոր իր վաստակով միջազգային չափանիշով ազգային հարստութիւն մըն է, իր գործերով ու աշխատանքով պատուհան մըն է, Երեւանի եւ Սփիւռքի գրողներու միջեւ` հաստատ կամուրջ մը: Իր մօտ յստակօրէն կը նշմարուի ազգային ոգիի առկայութիւնը, պատմական եղելութիւններու գիտակցութիւնը, ազատ ապրելու տենչը»:
Ալաճաճեան հասկնալու համար պէտք է կարդալ անոր գործերը, որոնք ոչ միայն հատորներու սահմաններէն ներս կը մնան, այլեւ խմբագրական աշխատանքներու եւ յօդուածաշարքերու ստեղծագործութիւններ ալ են:


