Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իլհամ Ալիեւ Հակահայ Յայտարարութիւններ Կատարեց «Եւրանեսթ»-Ի Խորհրդաժողովին. Հայկական Պատուիրակութիւնը Խստիւ Բողոքեց

April 4, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին մասնակցող հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան երէկ Պաքուէն «Երկիր»-ին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Եւրանեսթ»-ի լիագումար նիստին ընթացքին, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին, անսպասելի ելոյթ մը ունեցած է:

Սահակեան ընդգծեց, որ Ալիեւի ելոյթը բաւական կարծր շեշտադրումներով էր եւ յստակ էր, որ ելոյթը ուղղուած էր նաեւ եւրոպացի գործընկերներուն: Ըստ Հանրապետական կուսակցութեան գործիչին, Ալիեւ իր հին երգը կ՛երգէր, կը խօսէր «բռնագրաւուած տարածքներուն» մասին եւ կ՛ըսէր, թէ հայերը ֆաշականներ են, Ցեղասպանութիւն իրագործած են, կիներ եւ երեխաներ սպաննած են: Ան աւելցուց, որ ելոյթը բաւական երկար էր եւ անսպասելի, քանի որ սկիզբէն ըսուած էր, որ «Եւրանեսթ»-ը այսպիսի ելոյթներու բեմ չէ:

«Եւրանեսթ»-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան` հակազդելով Ալիեւի հակահայ յայտարարութիւններուն, «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովին գրաւոր կերպով ներկայացուց հայկական պատուիրակութեան բողոքը:

Վեհաժողովի մասնակիցներուն բաժնուած փաստաթուղթին մէջ նշուած էր հետեւեալը.

«Ես կը ցանկայի ետ կանչել այն նամակը, որ ուղարկած եմ Բիւրոյի բոլոր անդամներուն մինչեւ «Եւրանեսթ»-ի երկրորդ լիագումար նիստը, որ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ:

«Ես փորձած եմ զգուշացնել Բիւրոյի բոլոր անդամներուն, որ այս վեհաժողովը կրնայ չարաշահուիլ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք յայտարարութիւններ կրնան ընել` վնասելով համագործակցութեան հիմնական ոգիին:

«Դժբախտաբար մենք Պաքուի մէջ ականատես եղանք այն փաստին, որ կը կանխատեսուէր. «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովը վերածուեցաւ պատմութեան անբարեխիղճ ընթերցման եւ միջազգային իրաւունքի կողմնակալ մեկնաբանման վրայ հիմնուած հակահայկական քարոզչութեան դաշտի:

«Եւրանեսթ»-ի հայկական պատուիրակութիւնը իր խորին դժգոհութիւնը կը յայտնէ Ազրպէյճանի կողմէ հիւրընկալութեան արտօնութիւնները չարաշահման առնչութեամբ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք վեհաժողովին աւելի զգուշութեամբ ընտրելու կայացման վայրը, որպէսզի չհնչեն յայտարարութիւններ, որոնք կրնան ոչնչացնել փոխըմբռնման, համագործակցութեան ոգին, զոր մենք ձեռք բերած ենք բազմաթիւ խնդիրներ յաղթահարելով:

«Կը վախնամ, որ այդ խնդիրները կրկնուին»:

Հայկական պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ելոյթ ունեցաւ իբրեւ պատասխան Ալիեւի ելոյթին:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստան միացաւ «Եւրանեսթ»-ին` վստահ ըլլալով, որ Արեւելեան համագործակցութիւնը համայնք մըն է, որուն բոլոր անդամները ունին հաւասար պարտականութիւններ, սկզբունքներ, արժէքներ եւ կը յարգեն միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները եւ ազատութիւնը:

Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ Հայաստան միացաւ «Եւրանեսթ»-ին` վստահ ըլլալով, որ կարելի պիտի ըլլայ միացեալ ուժերով ստեղծել քաղաքական եղանակ, ուր կառուցողական երկխօսութիւններ տեղի պիտի ունենան` հիմնուած ըմբռնումի եւ յարգանքի վրայ:

Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, դժբախտաբար երէկ վեհաժողովը սկսաւ այնպիսի յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ ոչ միայն կը բացակայէր իրավիճակի առարկայական նկարագրութիւնը, այլեւ ատիկա խոչընդոտ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար: Ատիկա նաեւ կը խանգարէ «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովին` ստեղծելու քաղաքական շրջանակ անդամ երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւն  եւ ժողովրդավարութիւն ձեւաւորելու:

Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ, Լիլիթ Գալստեան անհանդուրժելի գտաւ այն հանգամանքը, որ իրեն կ՛ընդունին իբրեւ ֆաշական, անկախ անկէ, թէ ո՛վ  այսպիսի յայտարարութիւն կը կատարէ եւ յատկապէս` այն երկրին մէջ, ուր իրենց ընկերվար ընկերները կը ձերբակալուին` քաղաքական հայեացքներ ներկայացնելու պատճառով:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Սերկէյ Լաւրովը

Յաջորդը

Զուիցերիա Պաղըշի Դէմ Դատական Հարց Պիտի Չյարուցէ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.