Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ` Եւրոպական Միութեան Բանակ Ստեղծելու

January 12, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ունենայ բանակ, որ խաղաղութեան պահպանման եւ տագնապներու կանխարգիլման գործին մէջ մեծ դեր կրնայ ունենալ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իտալիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի:

«Եթէ մենք կ՛ուզենք աշխարհի վրայ խաղաղապահներ ըլլալ, մեզի անհրաժեշտ է եւրոպացի զինուոր: Եւ ասիկա հիմնարար նախապայման է` արդիւնաւէտ եւրոպական արտաքին քաղաքականութիւն ունենալու համար», ըսած է ան` շեշտելով, որ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ եւրոպական աւելի սերտ համագործութիւնը իր ղեկավարած «Յառա՛ջ, Իտալիա» կուսակցութեան համար առաջնահերթութիւն է:

«Աշխարհի վրայ Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ նման հզօր դերակատարներ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Հնդկա-Խաղաղովկիանոսեան ճգնաժամերով` Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի կամ Սլովենիոյ քաղաքացիները կրնան պաշտպանուիլ միայն գոյութիւն ունեցածով, որ կը կոչուի Եւրոպական Միութիւն», աւելցուցած է ան:

Ըստ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարին, եւրոպական պաշտպանական համագործակցութիւնը քաղաքական օրակարգ բարձրացած է գրեթէ երկու տարի առաջ` Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումէն ետք:

Անթոնիօ Թայանի Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլիւսքոնիի հիմնած եւ ղեկավար «Յառա՛ջ, Իտալիա» կուսակցութեան ղեկավարը դարձաւ անցեալ տարի` Պերլուսքոնիի մահէն ետք:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, արձագանգելով իտալական դիւանագիտութեան պետին, խորհուրդ տուած է նախ «Քորոնա»-ի դէմ սեփական պատուաստանիւթը ստեղծելու մասին մտածել, կամ միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան Եւրոպական Միութեան սահմանները պաշտպանել, տեղահանուածներու, գաղթականներու հարցը լուծել եւ ետքը Եւրոպական Միութեան բանակ ստեղծելու մասին մտածել:

«Ի դէպ, ես ամբողջովին մոռցած էի. միասնական բանակ ստեղծելէ առաջ լաւ կ՛ըլլայ հասկնալ, թէ ի՛նչ վառելանիւթով անիկա պիտի աշխատի: Թէ չէ ետքը Պրիւքսել պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւ պիտի ըսէ, որ պիտի բարձրացնէ վառելանիւթի գիները, եթէ Եւրոպական Միութեան բանակը չյարձակի անոնց վրայ, որոնց ան մատնացոյց կ՛ընէ», «Թելեկրամ»-ի իր էջին վրայ գրած է Զախարովա:

Նախորդը

Էքուատորի Մէջ Մաֆիան Ապստամբած Է

Յաջորդը

Զելենսքի Արեւմուտքի` Քիեւին Օգնութիւն Ապահովելու «Տատամսումի» Հետեւանքներէն Կը Զգուշացնէ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.