Երէկ Լիբանան հասաւ Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը: Իշխանութիւններու պետերուն հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, Հոքշթայն Այն Թինէի մէջ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հոքշթայնին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան ժամանակաւոր գործակատար Ամանտա Պիլզ, Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Համտան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը` երկրին եւ Կազայի դէմ իսրայէլեան նախայարձակումի շարունակութեան լոյսին տակ:
Մէկ ժամ եւ 15 վայրկեանէ աւելի տեւած հանդիպումէն ետք Հոքշթայն յայտարարեց. «Մենք կը գտնուինք դժուար փուլի եւ ժամանակաշրջանի մէջ, որոնք կ՛ենթադրեն արագ աշխատիլ: Ես Իսրայէլ էի անցեալ շաբաթ, եւ ինչպէս տեսաք, մեր նախագահը, արտաքին գործոց նախարարը եւ անձամբ ես քանիցս ըսած ենք, թէ կը նախընտրենք այս տագնապի դիւանագիտական լուծումը: Մենք այսօր այս բանակցութիւնները կատարեցինք, եւ ես զօրաւոր կերպով կը հաւատամ, որ լիբանանցի ժողովուրդը ներկայիս չի փափաքիր ասկէ աւելի ճգնաժամի բարդացում, հետեւաբար մենք կարիքը ունինք յանգելու դիւանագիտական լուծումի մը, որ լիբանանցիներուն կը թոյլատրէ վերադառնալ իրենց տուները հարաւային Լիբանանի մէջ եւ վերականգնել իրենց բնականոն կեանքը: Ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ է, որ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները վերադառնան իրենց տուները եւ ապրին խաղաղութեան մէջ: Այս է մեր նպատակը»:
Հոքշթայն աւելցուց. «Լաւ բանակցութիւններ կատարեցի, եւ ես յոյսով եմ, որ պիտի կարենանք միասնաբար հասնիլ լուծումի մը, որ կ՛արտօնէ երկու կողմերու բնակիչներուն ապրիլ խաղաղութեան մէջ եւ կեդրոնանալ աւելի լաւ ապագայի վրայ»:
Հոքշթայն աւելի կանուխ վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Միքաթիի հետ առանձնազրոյցին յաջորդեց լայն կազմով հանդիպում մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, ամերիկեան դեսպանատան ժամանակաւոր գործակատար Ամանտա Պիլզ, Հոքշթայնին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Միքաթիի խորհրդականներ` նախկին նախարար Նիքոլա Նահհաս, դեսպան Պութրոս Ասաքեր, Զիատ Միքաթի, ինչպէս նաեւ զինուորական խորհրդականներ` հազարապետ զօրավարներ Ռիատ Շայյա եւ Ամին Ֆարհաթ:
Ամերիկեան պատուիրակութիւնը հանդիպման ընթացքին շեշտեց հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան հանդարտեցման անհրաժեշտութեան վրայ, նոյնիսկ եթէ ներկայիս վերջնական լուծման վերաբերեալ համաձայնութեան կարելի չըլլայ յանգիլ: Ամերիկեան պատուիրակութիւնը կոչ ուղղեց ժամանակաւոր միջին լուծումի մը յանգելու` կանխարգիլելու համար կացութեան դէպի յոռեգոյնը երթալը:
Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ Լիբանանի ու անոր գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան շարունակուող ոտնձգութիւններու դադրեցման:
Միքաթի կրկնեց նշելով. «Մենք կ՛ուզենք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն` միջազգային որոշումներուն նկատմամբ յանձնառու ըլլալու ընդմէջէն»:


