Գերմանիան շահագրգռուած է, որ ռուս սահմանապահները դուրս բերուին Հայաստանէն, եւ այդ քայլին ու հակառուսական որոշ այլ քայլերու փոխարէն Պերլին Երեւանին կ՛առաջարկէ ֆինանսական օգնութիւն: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է լաւատեղեակ աղբիւր մը:
«Գերմանիան կը ձգտի Հայաստանը ներքաշել Արեւմուտքի հակառուսական քաղաքականութեան մէջ: Պերլինի խնդիրը Մոսկուայի հետ Երեւանին առաւելագոյն չափով կռուեցնելն է: Գերմանացիները շահագրգռուած են, որ ռուս սահմանապահները շուտով դուրս գան հայկական տարածքէն, եւ որ երկրին իշխանութիւնները իրականացնեն իրենց պետական մեքենայի մաքրումը Ռուսիոյ հանդէպ բարեկամաբար տրամադրուած անձերէ, ներառեալ զինեալ ուժերը, գաղտնի սպասարկութիւնները եւ իրաւապահ մարմինները:
«Պերլին փոխարէնը կ՛առաջարկէ Երեւանին ֆինանսական եւ թեքնիք օգնութիւն ցուցաբերել, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն Նիկոլ Փաշինեանի` ղարաբաղահայերը Եւրոպական Միութեան երկիրներ զանգուածային արտագաղթէն ետ պահելու ջանքերուն», նշած է ռուսական լրատու գործակալութեան զրուցակիցը:


