Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջաններուն Մէջ Բանակը Կազմաքանդեց Վառելանիւթ Պարունակող Խողովակներ

January 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան լիբանանեան բանակը Այթա Շաապի Ռահեպ անտառին մէջ բացայայտեց խողովակներ, որոնք վառելանիւթ, յատկապէս` պենզին կը պարունակէին:

Իսրայէլեան բանակը նախանցեալ օր հրկիզող եւ լուսաւորող ռումբեր արձակած էր Ռահեպի անտառին դէմ` փորձելով հրկիզել ամբողջ անտառը, սակայն ձախողելէ ետք, անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով խողովակներ փորձած էր զետեղել ծառերու ճիւղերուն միջեւ եւ խողովակներուն վրայ բացուածքներ յառաջացնել, որպէսզի անոնց մէջ զետեղուելիք վառելանիւթը տարածուի անտառին մէջ եւ պատճառ դառնայ անտառին հրկիզումին:

Լիբանանեան բանակը` ընկերակցութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, անմիջապէս մղուեցաւ այդ խողովակները կազմաքանդելու աշխատանքին եւ կրցաւ 5 խողովակներ կազմաքանդել:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց ընդգծեց, որ եթէ Հըզպալլայի յարձակումները շարունակուին, Իսրայէլ Լիբանանի ուղղութեամբ պիտի շարժի այնպէս, ինչպէս կը կատարէ Կազայի ուղղութեամբ:

Նշենք, որ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, 8 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր սահմանամերձ Մթըլլէ բնակեցման վայրին մէջ 120 բնակելի շէնքեր վնասուած են, իսկ Մանարա բնակեցման վայրին մէջ 155 բնակելի շէնքերէն 80-ը ռմբակոծումներէն վնասուած է:

Իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Լապպունէ, Նաքուրա, Ըմ Թութ, Ժապալ Պլաթ, Պէյթ Լիֆ, Քֆարքիլա, Քֆարշուպա, Հանին, Տհայրա, Ժըպպայն եւ Եարին շրջանները:

Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Քֆարշուպայի մէջ քանդեցին բնակարան մը, որուն պատճառով զոհուեցաւ քաղաքային մը:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, լիբանանեան Կարմիր խաչն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը Մթըլլէ բնակեցման վայրի հանդիպակաց Համամես գիւղաքաղաքի շրջակայքէն եւս դուրս բերին քաղաքայինի դիակ մը:

Քֆարքիլայի դէմ ռմբակոծումին զոհ գնաց նաեւ այլ քաղաքային մը:

Հըզպալլայի մարտիկները երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:55-ին համապատասխան հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:

Շուրջ ժամ մը ետք Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց իսրայէլեան Ժըրտահ դիրքը` պատճառելով հսկայական վնասներ:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Նապեղ Ահմետ Քատիրի միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

 

Նախորդը

Պու Սաապ Պըրրիի Ներկայացուց Հոքշթայնի Հետ Իր Հանդիպումին Արդիւնքները

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.