Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտուեցաւ Վերջին Վայրկեաններուն. Միլուոքիի 4-րդ Պարտութիւնը` 5 Մրցումներու Ընթացքին

January 10, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ շարունակուեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները, եւ Պոսթըն Սելթիքս, որ արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբն է տակաւին, կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը (28,8) վերջին երկվայրկեաններուն, Ինտիոնա Փէյսըրզի դէմ մրցումին:

2-րդ մասին Ինտիանայի թիւ 1 աստղ Թայրիս Հելիպըրթըն սահեցաւ եւ ոտքը վիրաւորեց` ուղղուելով դաշտէն դուրս խմբակիցներու օգնութեամբ:

Պենետիքթ Մաթուրին 26 կէտ նշանակեց, ներառեալ վերջին 2 ազատ հարուածները 0,6 երկվայրկեան մնացած: Այդ հարուածները յաղթանակը նուիրեցին Ինտիանայի:

Պոսթընէն կը բացակայէր Ճէյսըն Թէյթըմ, որ իր կարգին վիրաւորուած էր նախկին մրցումին: Ճէյլըն Պրաուն 40 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի, որ 11 կէտով կը յառաջանար մինչեւ 3-րդ մասի սկիզբը, որուն ընթացքին Ինտիանա սկսաւ մրցումին ղեկը ձեռք առնել:

Այլ մրցումի մը, Միլուոքի Պաքս վերջին 5 մրցումներու իր 4-րդ պարտութիւնը կրեց, հակառակ անոր որ իր յոյն աստղ Եաննիս Անթեթոքումփօ թրիփըլ տապըլ կատարեց` նշանակելով 25 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ: Պաքս 132-116 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եուա Ճեզէն, որ վերջին 10 մրցումներուն 8-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Լաուրի Մարքանեն եւ Ճորտըն Քլարքսըն 21-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Եութայի:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 128-136
Ինտիանա Փէյսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 133-131
Չարլոթ Հորնեթց – Շիքակօ Պուլզ 112-119
Մայեմի Հիթ – Հիւսթըն Ռոքեթց 120-113
Միլուոքի Պաքս – Եութա Ճեզ 116-132
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆէօնիքս Սանզ 138-111

 

 

Նախորդը

Պայերն Միւնիխ Հետաքրքրուած Է Քանի Մը Մարզիկներով

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ֆետերասիոնը Վաւերացուց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի 10-0 Արդիւնքը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.