Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Տագնապի` Միջին Արեւելքի Մէջ Ընդլայնման Կարելիութեան Նկատմամբ Մտահոգ Մնալ

January 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Պէյրութի մէջ իսլամական դիմադրութեան շարժում Համասի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրիի սպանութենէն ետք Կազայի մէջ տագնապի դէպի այլ ճակատներ ընդլայնուելու կարելիութեան նկատմամբ մտահոգ մնալ»:

Միլլըր յայտնեց, որ չի կրնար Արուրիի ահաբեկման ետին կանգնող կողմին մասին որեւէ գնահատական տալ, սակայն նշեց, որ Արուրին «վայրագ ահաբեկիչ մըն է, եւ անոր ձեռքերը քաղաքայիններու արիւնով ներկուած են»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ ըսաւ, որ Ուաշինկթըն յարձակումէն առաջ տեղեակ չէ պահուած:

Սպիտակ տան մէջ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Կը կարծենք, որ Իսրայէլի մէջ Համասի յարձակումներ գործելու կարողութեան սահմանափակումն ու քանդումը իսրայէլեան ուժերուն կողմէ իրագործելի նպատակ մըն է: Կարելի է ատիկա զինուորական գետնի վրայ կատարել: Իսրայէլեան բանակը հաստատօրէն կարող է Համասի` իսրայէլացի ժողովուրդին համար ներկայացուցած սպառնալիքին վերջ տալ»: Սակայն ան նաեւ հարց տուաւ. «Անոր գաղափարաբանութիւնը պիտի քանդուի՞, ո՛չ, իսկ խմբաւորումը ոչնչացնելու կարելիութիւն կա՞յ, ամենայն հաւանականութեամբ ո՛չ»:

Պատասխանելով թիւին մասին Համասի այն անդամներուն, «որոնք տակաւին պէտք է ոչնչացուին», Քըրպի ըսաւ, որ որոշ գնահատական մը ունի, որ սակայն չուզեց մանրամասնել: «Սակայն Համաս կը շարունակէ Կազայի մէջ մեծ կարողականութիւն ունենալ», ըսաւ ան:

Քըրպի նշեց, որ Համասը «պարզապէս տարատեսակ ահաբեկիչներու խումբ մը չէ», այլ` «բանակի նման կազմակերպ» խմբաւորում մը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ երեկոյեան նախաձեռնեց միջինարեւելեան շրջապտոյտ մը, որ կը ներառէ Իսրայէլը: Ասիկա 7 հոկտեմբերին «Աքսայի ջրհեղեղ»-ի շղթայազերծումէն ի վեր անոր 4-րդ շրջանային շրջապտոյտն է: Կը հաղորդուի, որ ան 6 յունուարին պիտի այցելէ Թուրքիա:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «(Համաս) շարժումի քաղաքական գրասենեակի փոխնախագահ եւ Այսրյորդանանի մէջ ղեկավար Սալեհ Արուրիի սպանութենէն ետք, Եգիպտոս իսրայէլեան իշխանութիւններուն պաշտօնապէս կը փոխանցէ (գերիներու) փոխանակման նոր գործարքի գոյացման համար Իսրայէլի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ իր միջնորդական դերակատարութիւնը սառեցնելու որոշումը»:

Քաթարեան «Շարք» օրաթերթը կը գրէ, որ Արուրիի սպանութենէն ետք հանդարտեցման առիթները նուազած են եւ Եգիպտոսի մասնակցութեամբ Քաթարի ղեկավարած զինադադարի հաստատման ջանքերը աւելի բարդ դարձած են:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել բուռն կերպով դատապարտեց «Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիրի եւ ելեւմուտքի նախարար Պեցլիել Սմոթրիչի սադրիչ եւ անպատասխանատու յայտարարութիւնները, որոնք վիրաւորական են Կազայի մէջ պաղեստինցիներու հասցէին եւ կոչ կ՛ուղղեն զանոնք տեղահանելու»:

Պորել ընկերային ցանցի վրայ կատարած իր գրառման մէջ յայտնեց. «Բռնի տեղահանութիւնը ամբողջովին արգիլուած է եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի վտանգաւոր խախտում կը նկատուի»:

Նշենք, որ իսրայէլացի երկու նախարարները երկուշաբթի օր կոչ ուղղած էին պատերազմէն ետք Կազայի բնակիչները «քաջալերել» գաղթելու:

«Եուրոնիուզ» հաղորդեց, որ Պորել նաեւ յայտարարած է. «Եթէ չվերահսկուի, Կազայի պատերազմը կրնայ հրկիզել ամբողջ Միջին Արեւելքը»:

Ան նախազգուշացուցած է Միջին Արեւելքի մէջ բռնութեան անխուսափելի տարածման մասին, եթէ Կազայի հետ Իսրայէլի տագնապը չհանգուցալուծուի:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին դատապարտեց ու կտրուկ կերպով մերժեց անոնց յայտարարութիւնները եւ շեշտեց. «Սէուտական Արաբիան կը հաստատէ կարեւորութիւնը միջազգային ընտանիքի ջանքերը համատեղելու` իսրայէլեան բռնագրաւման կառավարութիւնը, անոր կատարած յայտարարութիւններուն եւ արարքներուն ճամբով միջազգային օրէնքի կանոններն ու միջազգային մարդասիրական օրէնքը շարունակ խախտելուն համար միջազգային հաշուետուութեան ենթարկելու գործիքակազմերը կիրարկելու համար»:

Նախորդը

Միլլըր. «Միացեալ Նահանգներ Կապ Չունին Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչութեան Հետ»

Յաջորդը

Արուրիի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.