Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին արգիլուած է Մէյն նահանգին մէջ առաջադրուիլ Հանրապետական կուսակցու
թեան Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուի նախնական ընտրութեան: «Էխոքաւքազա» կը հաղորդէ, որ նման որոշում տուած է նահանգի պետական քարտուղար Շաննա Պելոուսը:
Այսպիսով, Մէյնը Քոլորատոյէն ետք դարձած է Միացեալ Նահանգներու երկրորդ նահանգը, ուր Թրամփի անունը պաշտօնապէս արգիլուած է նախագահական ընտրութեան քուէաթղթիկներուն վրայ ներառել:
Պելոուսը, ինչպէս Քոլորատոյի Գերագոյն դատարանը, Թրամփի դէմ իր որոշումը հիմնաւորած է Սահմանադրութեան 14-րդ ուղղումով, որ խռովարարներուն կ՛արգիլէ առաջադրուիլ պաշտօններու:
Անոր համաձայն, 2020 թուականի ընտրութեան պարտուելէ ետք Թրամփը իր համակիրները դրդած էր յունուար 2021-ին խռովութիւն կազմակերպելու եւ Քոնկրեսի շէնք ներխուժելու:


