Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեվերջ

December 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Տարեվերջին ընդհանրապէս լաւ մաղթանքներ կ՛ունենանք, որ գալիք տարին աւելի լաւ, աւելի առողջ, աւելի խաղաղ, աւելի բարեբեր օրերով օժտուի:

2023-ը ծանր տարի մըն էր բոլորիս համար: Հայութեան, լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս մարդկութեան համար ժխտական, մտահոգիչ եւ անորոշ հորիզոններով կը դիմաւորենք 2024-ը:

Տարուէ տարի մեր կեանքը դժուարացնող, մեր կեանքը անորոշ խաչմերուկներու առջեւ դնող ազգային, համաշխարհային, մարդկային եւ համամարդկային հարցերը քեզի կը ստիպեն մտածելու եւ ըսելու` փառք Աստուծոյ ողջ ենք եւ տակաւին կը տոկանք, ոտքի ենք:

Մեր պատմութեան ամէնէն սեւ էջերուն ականատես եղանք: Արցախը կորսնցուցինք, եւ ամբողջ աշխարհը լուռ մասնակից եղաւ այս աղէտին: Կարծէք աշխարհի վրայ բան չէ պատահած: Լուռ ու մունջ բոլորս ալ համակերպեցանք վիճակին: Անկարող ենք, յուսախաբ ենք: Միակամ չենք: Պարտուած ենք: Ազգային գիտակցութենէ սնանկացած ենք: Ո՛չ մէկը, ո՛չ միւսը, հաւանաբար բոլորը միասնաբար:

Այսպէս, ամէն բան տակնուվրայ, անորոշ, զիջումներու շարունակական շղթայով տարին հասաւ իր աւարտին եւ մեզի ձգեց ամէն բան վերսկսելու կամքի փնտռտուքը:

2024-ին թող բոլորիս նշանաբան ըլլայ միասնութիւնն ու միակամութիւնը: Այս իմաստով անհրաժեշտ է, եւ անյետաձգելի օրակարգ պէտք է ըլլայ բոլորիս համար մանիֆեսթ մը պատրաստելու:

Միանձնեայ եւ միատեսակ մտածողութեամբ ղեկավարման այս ոճը անպայման որ կը լճացնէ նախ ինքզինքը եւ աւելի ու աւելի` մեր հայրենիքը: Անձնականացուած եւ միահեծան ղեկավարման փորձը միշտ ալ լաւ աւարտ չէ ունեցած` թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական, թէ՛ ազգային, թէ՛ կուսակցական եւ մանաւանդ հայրենիքի տարողութեամբ: Թող Նոր տարին նոր սկիզբ մը ըլլայ բոլոր կառոյցներուն համար` կրօնական, ընկերային, առողջապահական, մարզական, մշակութային, կրթական, ազգային, կուսակցական եւ պետական մակարդակներով: Պէտք չէ յուսալքուիք: Կեանքը փաստած է միշտ, որ կամքը կարեւոր օղակ է` վերականգնելու, ոտքի մնալու եւ յառաջ երթալու: Կամքը կրնանք ունենալ եւ զօրանալ, երբ միասնակամ ենք: Աւելի ապահով եւ աւելի հզօր ենք: Աշխատինք մեր կամքը ամրացնելու` միասնականութեամբ: Աշխատինք ոտքի մնալու, որպէսզի հեռուն տեսնենք:

 

 

Նախորդը

Տարուան Աւարտին Եւ Նորի Սեմին. Կը Մտածե՞նք Ուշացման Աւերի Մասին

Յաջորդը

Լիվըրփուլի Մարզիչ Քլոփ, Դէմ Չէ ՎԱՐ-ին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.