Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշտադալար Ծառերու Պատգամը` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

December 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ի՞նչ է պատահեր տիեզերական շունչով եւ ուժով օժտեալ Կաղանդ պապուկին, որուն տխրութիւնն է պատեր վերջին ամիսներուն:  Չէ՞ որ հրաշալիքներու ծնունդն է ան եւ կը խորհրդանշէ մարդկային խաղաղութիւնն ու բարօրութիւնը: Միթէ կարելի՞ է հաւատալ, որ ամբողջ մարդկութեան երջանկութիւն ու սէր ջամբողը այսօր ի՛նք կը տառապի ներքին ցաւէ, մելամաղձոտութենէ:

Ահաւասիկ վերոնշեալ մտորումներով տարուած էին Կաղանդ պապուկին հետ ապրող ու անոր անմիջական կեանքին առնչակից անասուններն ու մշտադալար ծառերը: Հսկայածաւալ անտառներ, որոնք այս եղանակին արդէն ծածկուած էին բնութեան հրաշալիք ձիւնով ու դարձած սպիտակահեր տարածութիւն:

Փաստօրէն, բեւեռային անտառներու կեդրոնը ապրող Կաղանդ պապուկը, թէեւ լծուած էր նուէրներու պատրաստութեան, այդուհանդերձ քիչ անգամ դուրս կու գար իր լուսաշող դղեակէն, սապէս, խօսելու, պարապելու եւ զրուցելու իր հաւատարիմ անասուններուն հետ: Անոնք` եղջերուները, նկատած էին Կաղանդ պապուկի տխուր վիճակը եւ սակայն չէին համարձակեր հարցնելու պատճառը:

Աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ եւ աստուածամերձ շրջանը համարուող Կաղանդ պապուկին բնակավայրը կը յատկանշուի նաեւ զուլալ գետերով, մաքուր օդով եւ դալար ծառերով: Կաղանդ պապուկը վարժ էր ամէն առաւօտ կանուխ արթննալու եւ ճեմելու անտառին մէջ: Ան լիաթոք կը շնչէր մաքուր օդը, ուշադիր կը դիտէր հսկայ ծառերը եւ կը բարեւէր բոլոր անոնց, որոնց կը հանդիպէր:

Տուն վերադարձին ան կը նկատէ, որ եղեւին ծառերու խմբակ մը կը սպասէ իրեն: Անոնք նկատած էին, որ տխուր է Կաղանդ պապուկը, թէեւ կարմրուկ այտերուն վրայ անպակաս էր ժպիտը: Բնութենապաշտ Կաղանդ պապուկը, որ օժտուած էր նաեւ եզակի զգայնութեամբ, կարողութիւնը ունէր լսելու ծառերու հաղորդակցութիւնն ու տերեւներու սօսափիւնը: Ան կ՛իմանայ, որ ծառերը պատրաստ էին օգնելու իրեն եւ փարատելու տխրութիւնը:

Թէեւ արդի գիտութիւնը նոր է փաստացի վաւերագրեր, որ ծառերը կրնան հաղորդակցիլ իրարու հետ, Կաղանդ պապուկը վաղուց անտի տեղեակ էր այս իրականութեան եւ ծանօթացած բնութեան այս հրաշալիքին:

Կաղանդ պապուկը ծառերուն կը պատմէ եղելութիւնը եւ կը յայտնէ իր մտահոգութիւնը, տխրութեան պատճառը: Անոնք` ծառերը, կը խոստանան ամէն ճիգ ի գործ դնել եւ փարատել Կաղանդ պապուկին տառապանքը:

Երեկոյեան, Կաղանդ պապուկը նստած էր կրակարանին դիմաց եւ ծխամորճը ձեռքին կը մտորէր: Ան կը տեսնէ, որ պատուհաններուն ետին, դուրսը, եղջերուները զինք կը դիտէին եւ կարծես կ՛ուզէին ներս մտնել, սիրով կը հրաւիրէ զիրենք ու կը սկսի զրուցել անոնց հետ, ան կը պատմէ ծառերուն հետ իր ունեցած զրոյցը եւ կը յայտնէ, որ կը սպասէ անոնց աւետիսին:

Հակառակ անոր որ բարեկամ եղջերուները չէին ուզեր խանգարել Կաղանդ պապուկին հանգիստը, բայց ան սրտբաց կը սկսի պատմել իր տխրութեան հիմնական պատճառը:

Բոլորս ալ գիտենք, որ Ամանորէն ամիսներ առաջ Կաղանդ պապուկը կը ստանայ նամակներ աշխարհի բոլոր ծագերէն: Ան կը կարդայ նամակները եւ կը սկսի նուէրներու պատրաստութեան: Ան կը նկատէ, որ այս տարի իրեն նամակ չէ հասած Արցախի լեռներէն, հայոց աշխարհէն: Թէեւ կը զարմանայ, այդուհանդերձ ինքզինք կը փորձէ համոզել, որ տակաւին ժամանակ կայ նամակներուն:

Կաղանդ պապուկին մտահոգութիւնը որոշ ժամանակ ետք կ՛աւելնայ: Ան իրեն յատուկ հաղորդակցութեան միջոցով կ՛իմանայ, որ հայոց աշխարհ Արցախը արդէն սեպտեմբեր 2023-ին դատարկուած էր իր բնակչութենէն: Փաստօրէն, գազանաբարոյ ազերի-թուրքեր յարձակած էին եւ իր օրրանէն հեռացուցած հայութիւնը: Ժողովուրդ մը, որ հազարամեակներ շարունակ ապրած ու ստեղծագործած էր իր հայրենի հողին վրայ, քաղաքակրթութիւն շնորհած մարդկութեան, իր ինքնուրոյն մշակոյթով եւ ապրելակերպով ճանչցուած, այսօր եղած է գաղթական:

Աւելի քան հարիւր հազար հայորդիներ պարտադրաբար բռնած էին գաղթի ճամբան, թողած ամէն ինչ, տուն, դպրոց, եկեղեցի ու մշակուած հողատարածք, հազարամեայ կոթողներ եւ ազգային հարստութիւն` փրկուելու ստոյգ ջարդէ եւ վայրագ յարձակումներէ:

Հայոց աշխարհի չքնաղ Շուշին, հրաշք Գանձասարը, աստուածամերձ գագաթ ունեցող Մռաւն ու հայատրոփ Ստեփանակերտը դատարկուած էին եւ ամայացած: Դարաւոր հայու ձայնը լռած էր, հազարամեայ եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջը այլեւս չէին լսուեր, դադրած էր հայու ոգին արձագանգելէ, խոպան են դարձեր այգիները, անտուն են մնացեր արցախեան աշխարհի ընտանի անասունները:

Իբրեւ մեծ մարդասէրի եւ խաղաղապաշտի արտայայտութիւն, Կաղանդ պապուկին արցունքոտ աչքերը կորսնցուցած էին իրենց փայլքն ու բոցկլտուն կայծերը: Ան դադրեցնելէ ետք իր պատմութիւնը, կը տեսնէ, որ երկար տարիներու բարեկամ եղջերուներն անգամ յանձնուած էին խոր տխրութեան, որովհետեւ այս տարի պիտի չկարենային այցելութիւն տալ հայոց աշխարհ Արցախ ու նուէրներ զետեղել կաղանդի ծառերուն տակ:

Այդուհանդերձ, Կաղանդ պապուկը պարտաւոր էր շարունակել իր գործը: Ան չէր կրնար յանձնուիլ պարտադրուած իրավիճակին եւ սպասել ճակատագրի տնօրինումին: Աւելի՛ն. ան իր շալակին ունէր հազարամեայ յանձնառութիւն` անսալ փոքրիկներու նամակներուն եւ իրականացնել անոնց երազը:

Ամանորը կը մօտենար, նուէրներու պատրաստութիւնը ընթացքի մէջ էր, իսկ երկրագունդի այս հողատարածքը, ուր Կաղանդ պապուկին դղեակն էր, առաւօտուն առաւել կը պայծառանար, իսկ երեկոյեան լոյսերու բոցկլտուն աշխարհ մը իր դրոշմը կը տարածէր բեւեռային այս տարածքին վրայ:

Առաւօտ մը, եղեւին ծառերու խմբակ մը իմաց կու տայ Կաղանդ պապուկին, որ անոնք կրցած էին հաղորդակցիլ իրենց ազգակիցներուն հետ, որոնք կ՛ապրէին Արցախի լեռներուն վրայ եւ դարերէ ի վեր ճաշակած էին հոն ապրող հայութեան սէրն ու հոգածութիւնը: Արցախ աշխարհի անտառածածկ լեռները թէեւ որբացած էին եւ զրկուած հայաբոյր վերաբերումներէ, այդուհանդերձ անոնք պահած էին իրենց ուժն ու կորովը, հաւատքն ու համոզումը, որ մօտիկ ապագային, այս հողին տէրերը պիտի վերադառնան ու տիրութիւն ընեն իրենց հայրենիքին:

Արցախ աշխարհի մշտադալար ծառերը պատմած են, որ այս հողատարածքը խուժած եւ բռնազաւթած գազանաբարոյ ազերի-թուրքերը` չունենալով բնութեան հանդէպ սէր ու հոգածութիւն, կը վարուին խենեշօրէն եւ աւերներ կը գործեն հրաշք բնութեան նկատմամբ: Այս տեսակի մարդիկը, առանց դոյզն մտահոգութեան կը քանդեն աջ ու ահեակ, արմատախիլ ընելով հազարամեայ ծառերը, որպէսզի յագեցնեն իրենց բարբարոսի բնոյթը:

Աւելի՛ն. հայոց բարձրաբերձ ծառերը ականատեսի վկայութեամբ կը պատմեն, որ Արցախ ներխուժած ցեղախումբը կը բնաջնջէ ամէն ինչ որ ազգային շունչ ու ոգի կը պարունակէ, կ՛աւերէ ստեղծագործ ամէն նշխար, որ հայութիւն կը բուրէ, կը քանդէ ամէն կառոյց, որ հայադրոշմ է եւ անկրկնելի:

Այդուհանդերձ, Արցախ աշխարհի եղեւինի ծառերը յայտնած են, որ իրենց մօտ կ՛ապրին թիւով շատ քիչ հայեր, ծուարած լեռներու եւ անտառներու սրտին մէջ, որոնք անհասանելի են եւ պաշտպանուած հայոց լեռներու աստուածներով, ու անոնց տնակներէն դեռ կը շարունակէ ծուխը բարձրանալ դէպի երկինք` ամբողջ աշխարհին յիշեցնելով, որ տակաւին հայեր կ՛ապրին հայոց լեռներուն վրայ ու կը սպասեն իրենց հայրենակիցներուն: Սա արդէն ցուցանիշ է հայու տոկունութեան եւ հզօր կամքին:

Կաղանդ պապուկը` այս լուրին ընդառաջ, կը վերագտնէ իր ուրախութիւնը, երբեմնի եռանդը, կորովը ու կը մտածէ անպայման այցելութիւն մը տալ Արցախ աշխարհ ու հաղորդակցիլ հոն ապրող քիչ թիւով հայոց հետ:

Ամանորի նախօրէին արդէն ամէն ինչ պատրաստուած էր: Կաղանդ պապուկին աշխատանքը իր լրումին հասած էր, ճամբորդութեան ուղեգիծը` յստակացած. կը մնար դէպի մարդկութիւն սլանալու ազդանշանը:

Ամանորի գիշերը Կաղանդ պապուկին մեծ թիւով սայլերը լեցուած էին նուէրներով: Դուրսը եղջերուները անհամբեր կը սպասէին Կաղանդ պապուկին, որ կը պատրաստուէր: Իսկոյն ան իր կարմիր զգեստը հագած, սեւ մոյկերը ոտքին եւ սպիտակ մօրուքին տակ կարմրաւուն այտերուն հետ դուրս կու գայ դղեակէն եւ կը հանգչի ոսկեզօծ սայլին մէջ: Իր ազդանշանով` եղջերուները կը սլանան երկինք ու կը լուսաւորեն աստղազարդ աշխարհը:

Կաղանդ պապուկին առաջին հանգրուանը կ՛ըլլայ Արցախ աշխարհը, ուր, թէեւ համատարած խաւար էր, այդուամենայնիւ, ան լեռներու խոր տարածքին կը նշմարէ քանի մը տուն, ուրկէ լոյսի եւ յոյսի ճառագայթներ կ՛արձակուէին դէպի տիեզերք:

Ի տես այս երեւոյթին, Կաղանդ պապուկին ուրախութիւնը անսահման էր, ան կը մօտենայ տնակներուն, կը զետեղէ նուէրները մօտակայ եղեւին ծառերուն տակ եւ կը հեռանայ հոնկէ աւելի ոգեշնչուած եւ յուսադրական:

Փաստօրէն, տիեզերական շունչով օժտեալ մայր բնութիւնը` գիտակցելով, որ առկայ մարդկային թէ պատմական անհաւասարակշռութիւն մը չի կրնար գոյատեւել, փորձած էր, իր կարգին, սրբագրել զայն, այս պարագային, շունչ ու եռանդ, յոյս ու լոյս փոխանցելով մարդկութեան համակ:

Ուստի, հայութեան վերադարձը բնօրրան անյետաձգելի ճշմարտութիւն մըն է ամրագրուած Կաղանդ պապուկի իսկ հաւատարմութեամբ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Եւ ԼԵՄ-ի Նախաձեռնութիւնը` Ընդդէմ Թրքական Մշակութային Քարոզչութեան

Յաջորդը

Տարուան Աւարտին Եւ Նորի Սեմին. Կը Մտածե՞նք Ուշացման Աւերի Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.