2023 տարին հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ կը ձգէ սեւ էջ մը` Արցախի ամբողջական հայաթափմամբ: Նախ ինը ամիս շրջափակման ենթարկուելէ ետք, Արցախի բնիկ ժողովուրդը քանի մը շաբթուան ընթացքին տեղահան եղաւ իր հայրենիքէն` ազրպէյճանական կարճատեւ զինուորական գործողութենէ մը ետք: Արցախցիները մազապուրծ փրկուեցան ստոյգ մահէ եւ ապաստան գտան Հայաստանի մէջ, ուր տեղաւորուեցան, եւ այսօր կացութիւնը այնպիսին է, որ արցախցիները կը գտնուին իրենց հայրենիքէն հեռու` հայրենիքի մէջ: Այս կացութիւնը ողբերգակատակերգութեան բացառիկ իրավիճակ մըն է: Արցախէն վռնտուած, բայց` Հայաստան հայրենիքի մէջ, ուր արցախեան երազն ու հայաստանեան իրականութիւնը զիրար կը խաչաձեւեն:
Ազրպէյճանական զօրամիաւորումներուն վտանգէն եւ ցեղասպանութենէ մը խոյս տալով` արցախցիները այսօր կը ջանան իրենց առօրեան յարմարեցնել նոր իրավիճակի մը, ուր գաղթական են մայր հայրենիքին մէջ: Գէթ հոգեբանականօրէն, թէկուզ տուն-կացարան-աշխատանք կը դասաւորուի եւ դասաւորուած է: Արցախցին իր հողէն պոկուած է: Ասիկա է իրականութիւնը եւ հարաւկովկասեան ռազմաքաղաքական իրավիճակին մէկ շերտը ըլլալով` Արցախ այսօր ամբողջութեամբ ինկած է ազրպէյճանական գրաւման տակ:
Բայց եւ այնպէս վերադարձի յոյսը կ՛ապրի ու պիտի շնչէ, այնքան ատեն որ արցախցիները Հայաստանէն ալ չեն գաղթած եւ մայր հայրենիքին մէջ համախումբ կ՛ապրին` օրն ի բուն ջանալով եւ գործելով, Արցախ երազը իրենց հետ ապրեցնելով: Ասիկա այնպիսի կացութիւն մըն է, որ բարոյահոգեբանական մասնայատուկ իրավիճակներու կ՛առաջնորդէ արցախցիները: Ըլլալ եւ ապրիլ մայր հայրենիքին մէջ` երազելով եւ սպասելով Արցախ վերադարձի ձեռնտու պայմաններու:
Սակայն պէտք է ըլլալ իրապաշտ եւ ընդունիլ, որ Արցախ վերադարձի ձեռնտու պայմաններ ներկայիս չկան: Հորիզոնին վրայ նոյնիսկ չեն երեւիր վերադարձի յոյսը իրականութիւն դարձնող տուեալներ, որոնց ստեղծման համար չկան նաեւ համապատասխան լծակներ: Այս դառն իրականութիւնը 2023 տարուան տարօրինակ յատկանիշերէն մին է եւ ամբողջ հայութիւնը դէմ յանդիման կը դնէ նոր իրավիճակին յարմարելու պահանջին հետ: Պահանջ մը, որ ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ միասնականութիւն: Նաեւ` պետական մակարդակի վրայ արտաքին կշռադատուած եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն, ուր ամէն բանէ առաջ նկատի կ՛առնուին հայութեան, ամբո՛ղջ հայութեան շահերը: Զանոնք իրարու միահիւսելով, դրսեցիի եւ տեղացիի հոգեբանութենէն միանգամընդմիշտ ձերբազատելով, Արցախի հարցը մնայուն ուշադրութեան առարկայ դարձնելով, Հայաստանի պետութեան գերագոյն շահերը գերադասելով անձնական նեղմիտ շահերէ: Միասնականութիւն եւ կշռադատուած արտաքին քաղաքականութիւն` երկու հզօր զէնքեր, որոնց կարիքը ունի ամբողջ հայութիւնը, Երեւանը, Ստեփանակերտը եւ սփիւռքը: Արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուները պարտին այս իրողութիւնը մտահան չընել:



