Ազրպէյճանն ու Հայաստանը այնքան ալ հեռու չեն խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումէն: «Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:
«Կարեւոր է հասկնալ, որ բանակցութիւններու այս վճռորոշ փուլին մէջ, երբ մենք, ամենայն հաւանականութեամբ, այնքան ալ հեռու չենք վերջնական համաձայնութենէն, մեզի իսկապէս անհրաժեշտ են արդիւնաւէտ քայլեր», յայտարարած է Ամիրպեքով:
Ազրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչը նշած է, որ Պաքուի մէջ կ՛ուզեն կողմերուն միջեւ վէճերու լուծման մեքանիզմ ստեղծել: Ան բացատրած է, որ խօսքը յօդուածի մը մասին է, որուն մէջ պիտի խօսուէր երկկողմանի յանձնախումբի մը մասին, որ անհրաժեշտ է ստեղծել համաձայնագիրի բոլոր թիւրըմբռնումները կամ մեկնաբանման տարբերութիւնները վերացնելու համար:
Ամիրպեքով ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապը իրենց համար վճռորոշ նշանակութիւն ունի ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն, անիկա կը դիտարկուի իբրեւ այլընտրանքային երթուղի Միջին միջանցքի ծիրին մէջ:
Անոր համաձայն, Ազրպէյճանը այլեւս չի կրնար ժամանակ կորսնցնել, թէեւ Հայաստանը տակաւին չէ սկսած 42 քիլոմեթրնոց հատուածի տնտեսական-թեքնիքական հիմնաւորման աշխատանքը:
«Ի հարկէ, մենք Հայաստանին չենք կրնար ստիպել կատարել այն, ինչ որ անոնք պարտաւորուած են ընել նախապէս, եւ անիմաստ է ենթադրել, որ մենք պիտի ներխուժենք, որպէսզի ուժով պարտադրենք: Այդ պատճառով մենք դիմած ենք Իրանին, իբրեւ «Բ» ծրագիր Իրանի տարածքով ինքնաշարժային եւ երկաթուղային հաղորդակցութեան ձեւաւորման համար», ըսած է ան:
Ալիեւի ներկայացուցիչին համաձայն, այլընտրանքային ճամբու գոյութիւնը կրնայ Հայաստանը ստիպել գիտակցելու, թէ որքա՛ն կրնայ կորսնցնել` շարունակելով դիմադրել այն երթուղիին, որ կրնայ անցնիլ իր տարածքէն:


