Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի բոլոր հանդիպումներուն ժամանակ կը բարձրացուի 8 գիւղերու վերադարձի հարցը: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` ամփոփելով 2023 թուականի գործունէութեան արդիւնքները:
«Այս գիւղերը ունին իրենց առանձնայատկութիւնները, որոնցմէ 4-ը միջերկրային են, մնացեալ 4-ը միջերկրային չեն: Մեր մօտեցումը այն է, որ հոլովոյթին մէջ կրնայ ըլլալ որոշակի յաջորդականութիւն եւ անիկա կրնայ շարունակուիլ փոխադարձ քննարկման ձեւաչափով: Հայաստանն ալ ունի իր պահանջները, իր տեսակէտները սահմաններուն վերաբերեալ: Սակայն խօսքը բնակեցուած տարածքներու մասին է: Թէ այս գիւղերը որո՛ւ կը պատկանին, վիճելի նիւթ չէ, պարզ է, թէ խորհրդային տարիներուն այդ գիւղերուն մէջ որո՛նք ապրած են», ընդգծած է Պայրամով:
«Մենք կը կարծենք, որ ատիկա կապուած է սահմանազատման հետ, եւ, ինչպէս գիտէք, սահմանազատումը թեքնիք խնդիր է: Խաղաղութեան համաձայնագիրը կ՛արտացոլէ ընդհանուր սկզբունքները», աւելցուցած է ազրպէյճանցի նախարարը:
Անոր համաձայն, նոյնիսկ տարածքային լուրջ տագնապ չունեցող երկիրներու միջեւ սահմանազատման հոլովոյթը կրնայ երկար տեւել:
Խօսելով ռուս խաղաղապահներուն մասին` ան ըսած է. «Փաստը այն է, որ կայ եռակողմ յայտարարութիւն, որ ստորագրուած է ղեկավարութեան մակարդակով: Անոնց Ղարաբաղի մէջ մնալը նախատեսուած է մինչեւ 2025 թուականի նոյեմբերը»:
«ՌԻԱ Նովոսթ»-ի համաձայն, Պայրամով նաեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները կրնան սահմանին վրայ հանդիպիլ:


