Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քամերոնի Հետ

December 29, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոնի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի վերահաստատեց Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներն ու բռնարարքները կասեցնելու իր պահանջը` հաստատելով, որ հարաւային սահմանագիծին վրայ իսրայէլեան սադրանքները շարունակելը կրնայ յանգիլ կացութեան վատթարացման եւ ամբողջ շրջանը ընդգրկող ընդարձակ պատերազմի:

Միքաթի պահանջեց հսկայ ճնշումներ բանեցնել հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու նպատակով:

Ան ընդգծեց, որ Կազայի դէմ պատերազմը կասեցնելու նախաքայլը կը սկսի զինադադարով եւ ապա բանակցութեանց ուղղուելով` գործադրելու համար զոյգ պետութիւններ հիմնելու լուծումը եւ պաղեստինցիներուն շնորհելով իրենց իրաւունքները:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուած բրիտանական օժանդակութիւնները շարունակելը կը միտի այս դժուար պայմաններուն ընթացքին բանակին աշխատանքը ամրապնդել:

Իր կարգին, Քամերոն հաստատեց, որ Կազայի պատերազմին Լիբանան, Կարմիր ծով կամ շրջան փոխադրուիլը կը բազմացնէ վտանգները եւ աշխարհի ապահովութեան կը սպառնայ:

Քամերոն յայտնեց, որ ինք գոհունակ կը զգայ Միքաթիի հետ այս բոլոր հարցերը քննարկելով` աւելցնելով, որ նման մագլցումները կանխարգիլելու իմաստով Լիբանանի ի գործ դրած ջանքերը բարձր գնահատելի են:

Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի հետ, որուն մտահոգութիւն յայտնեց` հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի արձանագրած մագլցումներուն եւ լայն առումով լիբանանցի քաղաքացիները թիրախ դարձնելու առնչութեամբ:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դէմ գործուած նման բախումները եւ ճակատումները կրնան ընդարձակուիլ դէպի շրջանի բոլոր երկիրները: Այս առումով Միքաթի պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ իր բռնարարքները:

Նախորդը

Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Սպառնալիքները Կը Սաստկանան, Իսկ Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Ռմբակոծումները Բուռն Կերպով Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Եգիպտոսի Դեսպանութեան Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.