«Փրեմիըր լիկ»-ի մրցումները տօնական ժամանակաշրջանին աւելի կ՛աշխուժանան, եւ Ասթոն Վիլա, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէր, «Օլտ Թրեֆորտ» պիտի մեկնէր Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ մրցելու: «Օլտ Թրեֆորտ» վերջերս «դիւրին» դաշտ մը եղած էր մրցակից խումբերու համար, եւ Եունայթըտ 9 մրցում կատարած էր յաղթելով 5-ին… Ասթոն Վիլայի պարագային աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր խումբը եւ առաջին կիսախաղին ալ 2 արագ կոլեր նշանակեց 21-րդ եւ 28-րդ վայրկեաններուն: Առաջին կոլը օֆսայտի «հոտ» ունէր, բայց ՎԱՐ ստուգեց, թէ մարզիկը դպա՞ծ է գնդակին, թէ՞ ոչ, ապա արտօնուեցաւ կոլը: 59-րդ վայրկեանին Կառնաչօ նշանակեց 1-2-ի կոլը, որ քիչ մը յոյս ներշնչեց Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրներուն: 71-րդ վայրկեանին, նոյնինքն Կառնաչօ Պրունօ Ֆեռնանտեսի հետ 1-2-է մը ետք նշանակեց 2-2-ի կոլը` յետսապահի մը դպնալով հանդերձ:
82-րդ վայրկեանին, Ֆեռնանտեսի քոռնըրէն ետք գնդակը հասաւ Ռասմըս Հոյլունտին, որ 1026 վայրկեան կրելէ ետք Եունայթըտի շապիկը վերջապէս նշանակեց կոլ մը, որ 3 կէտ նուիրեց Մանչեսթըր Եունայթըտին:
Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցանիշ մըն ալ իրագործեց յաղթելով իր 14-րդ մրցումը, առնուազն 2 կոլերով ետ մնալէ ետք, 5 մրցումով հեռանալով իր ամէնէն մօտ մրցակիցէն «Փրեմիըր լիկ»-ի պատմութեան մէջ:
Այլ մարզիկ մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կոլ չէր նշանակած, Տարուին Նունիեսն է, որ Լիվըրփուլի հետ 12 մրցում «ծոմ» պահելէ ետք վերջապէս նշանակեց Պըրնլիի դաշտին վրայ: Լիվըրփուլ, որ Պըրնլիի դէմ մրցումին դաշտ ներկայացուց նաեւ վիրաւորուած եւ ամիսներէ ի վեր հեռու մնացած Տիոկօ Ճոթան, կրցաւ 2-րդ կոլ մը աւելցնել 90-րդ վայրկեանին` օգտուելով Տիասի փոխանցումին:
Ստորեւ` 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն մէկ մասին արդիւնքները.
Նիւքեսըլ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ 1-3
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Լիւթըն Թաուն 2-3
Պորնմաութ – Ֆուլհեմ 3-0
Պըրնլի – Լիվըրփուլ 0-2
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ասթոն Վիլա 3-2
ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Լիվըրփուլ 42 (39-16) ԿԷՏ
2.- Արսենալ 40 (36-16 ) ԿԷՏ
3.- Ասթոն Վիլա 39 (40-25) ԿԷՏ
4.- Թոթենհամ 36 (37-24) ԿԷՏ
5.- Մանչեսթըր Սիթի 34 (40-20) ԿԷՏ
6.- Մանչեսթըր Եունայթըտ 31 (21-25) ԿԷՏ
………………………………………………………….
18.- Լիսթըն 15 (21-34) ԿԷՏ
19.- Պըրնլի 11 (18-38) ԿԷՏ
20.- Շեֆիլտ Եունայթըտ 9 (15-47) ԿԷՏ


