Վիթոր Ռոքէ երէկ հասաւ Պարսելոնա եւ վայելեց իր առաջին ժամերը իբրեւ Պարսայի մարզիկ, քաթալաններու մայրաքաղաքին մէջ:
Պրազիլցի յառաջապահը պիտի ստորագրէ մինչեւ 30 յունիս 2031 պայմանագրութիւն մը, որ կը բովանդակէ պայման մը, որ խզումի պարագային պէտք է 500 միլիոն եւրօ վճարուի իրեն պահանջող ակումբին կողմէ:
Աթլեթիքօ Փարանայենսէի յառաջապահը, որ 60 մրցումներու ընթացքին 21 կոլ նշանակած էր, 18 տարեկան է եւ 1,72 մեթր: Պրազիլի ազգային խումբին հետ ալ 1 մրցում կատարեց, 11 մրցումներ կատարելէ ետք 20-էն վար ազգային խումբին հետ, ուր 8 կոլ նշանակած է:


