Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայիսի. «Իսրայէլ Պիտի Վճարէ Սուրիոյ Մէջ Յեղափոխական Պահակագունդի Ղեկավարներէն Մուսաւիի Սպանութեան Գինը»

December 27, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի խոստացաւ Իսրայէլին վճարել տալ Սուրիոյ մէջ Յեղափոխական պահակագունդի ղեկավարներէն Ռատի Մուսաւիի սպանութեան գինը:

«Անկասկած, այդ քայլը զաւթիչ սիոնական վարչակարգին հիասթափութեան եւ շրջանին մէջ տկարութեան մէկ այլ ցուցանիշն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ «անկասկած պիտի վճարէ այս ոճիրին գինը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան ընկերային ցանցին վրայ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խորհրդատու  Մուսաւիի սպանութեան առիթով իր ցաւակցական գրառումին մէջ յայտնեց. «Թել Աւիւ դժուար յետհաշուարկին կը սպասէ»:

Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ռիտա Թալայի յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ մէջ իրանցի բարձրաստիճան զինուորական խորհրդատուի սպանութիւնը «պատիժի արժանի ոճիր է, եւ սիոնականները պէտք է իմանան, որ ատոր գինը պիտի վճարեն»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի Իսրայէլի այդ քայլը որակեց «վախկոտ» եւ նշեց. «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ կատարել անհրաժեշտ պատասխան քայլերը յարմար ժամանակին եւ անհրաժեշտ տեղին»:

Իրանեան «Թասնիմ» պետական լրատու գործակալութիւնը երկուշաբթի օր հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամ խորհրդականը զոհուած է Դամասկոսի մերձակայքին վրայ Իսրայէլի յարձակումին ժամանակ: Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպան Հիւսէյն Աքպարի նշած է, թէ Իսրայէլ երեք հրթիռներով հարուածած է այն տունը, ուր կ՛ապրէր խորհրդականը:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը, մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ իրանցի բարձրաստիճան խորհրդականներէն Մուսաւիի ահաբեկման լուրը, գրեց. «Ասիկա պարզապէս մէկ այլ յարձակում մը չէ, բարձրաստիճան իրանցի պաշտօնատարի ահաբեկումը նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային յղուած պատգամ մըն է»:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանատան 2 Աշխատակիցներ «Անցանկալի Անձ» Յայտարարուած Են

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Կազայի Մէջ Պատերազմը Իր Աւարտէն Հեռու Է»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.