Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան երկու աշխատակիցներ «անցանկալի անձ» յայտարարուած են: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պոյոն երէկ կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Ֆրանսայի դեսպանատան երկու աշխատակիցներու` իրենց դիւանագիտական կարգավիճակին անհամատեղելի վերաբերմունքին պատճառով լուրջ բողոք արտայայտուած է Ֆրանսայի դեսպանին:
Նշեալ երկու աշխատակիցները Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ յայտարարուած են ոչ ցանկալի անձ:
Պահանջ ներկայացուած է, որ այդ անձերը 48 ժամուան ընթացքին լքեն Ազրպէյճանի տարածքը:


