Երէկ ուրուկուէյցի վեթերան յառաջապահ Լուիս Սուարես ստորագրեց Միացեալ Նահանգներու Ինթեր Մայեմի խումբին հետ` միանալով իր նախկին խմբակից Լիոնէլ Մեսսիի:
Սուարես եւ Մեսսի 6 տարեշրջան միասին լաւ օրեր ունեցած են Պարսելոնայի մէջ` շահելով 4 «Լա լիկա»-ի տիտղոսներ եւ 9 այլ բաժակներ (ներառեալ «Չեմփիընզ լիկ») այդ ժամանակամիջոցին:
Սուարես Պրազիլի մէջ կը խաղար Կրեմիոյի հետ, որուն հետ շահած էր լաւագոյն մարզիկի եւ լաւագոյն յառաջապահի տիտղոսները: 36 տարեկան Սուարես ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ նոր նուաճումներ կատարելու Ինթեր Մայեմիի հետ: Անհամբեր կը սպասեմ սկսելու, եւ պատրաստ եմ նոր տիտղոսներ շահելու երազներ ունեցող այս ակումբին հետ. լաւատես եմ, որ միասին կրնանք շահիլ տիտղոսներ եւ բաժակներ»:


