Այսօր, ժամը 19:30-ին, «Փրեմիեր Լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի գծով գագաթի մրցում տեղի պիտի ունենայ Էնֆիլտի մէջ, ուր Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Արսենալը:
Լիվըրփուլ, որ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալը:
Լիվըրփուլ այս տարեշրջանին 8 մրցում խաղցած է իր դաշտին վրայ, միայն 1 մրցում ձախողած է յաղթել, այդ ալ անցեալ կիրակի` Մանչեսթըր Եունայթըտի դէմ (0-0): Լիվըրփուլէն կը բացակային վիրաւորներ Թիակօ Ալքանթարա, Անտրու Ռոպերթսըն, Ժոել Մաթիփ եւ միջնապահ Սֆեֆան Պայչեթիչ, մինչ Արսենալ պիտի մասնակցի առանց Թոմաս Փարթէյի, Եուրիեն Թիմպըրի, Թաքեհիրօ Թոմէյասուի եւ Ֆապիօ Վիերայի, որոնք բոլորն ալ վիրաւոր են: Վերջին 5 մրցումներուն Լիվըրփուլ 4 յաղթանակ եւ 1 հաւասարութիւն արձանագրած էր, մինչ Արսենալ 4 յաղթանակ արձանագրած եւ 1 պարտութիւն կրած էր (Ասթոն Վիլայէն):
Թոթենհամ պիտի հիւրընկալէ Էվըրթընը, որ վերջին 4 մրցումները յաղթանակներով աւարտած է:
8-րդ դիրքը գրաւող Ուեսթ Հեմ պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը (7-րդ): Երկու խումբերուն արդիւնքներն ալ կայուն չեն, Եունայթըտ համեմատաբար աւելի լաւ կը խաղայ, հակառակ անոր որ Հերի Մակուայըրն ալ աւելցաւ վիրաւորներու ցանկին:
Ստորեւ` 18-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
Ուեսթ Հեմ – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Թոթենհամ – Էվըրթըն
Լիւթըն Թաուն – Նիւքեսըլ
Ֆուլհեմ – Պըրնլի
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Պորնմաութ
Լիվըրփուլ – Արսենալ
Վաղը`
Վուլվզ – Չելսի
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 4-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, այսօր ժամը 17:15-ին, Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Սեւիան: Աթլեթիքօ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը եւ յաղթանակի մը պարագային կրնայ գրաւել 3-րդ դիրքը` փոխարինելով Պարսելոնան, որ կ՛իջնէ 4-ի: Աթլեթիքոյի արդիւնքները վերջերս աւելի լաւ են, քան Սեւիայի պարագան, որ վերջին 5 մրցումներուն միայն վերջինին կրցած է յաղթել, 3 պարտութիւններէ ետք:
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, այսօր կէսօրէ ետք ժամը 13:30-ին Ֆրոզինոնէ պիտի հիւրընկալէ Եուվենթուսը:
Ֆրոզինոնէ 13-րդ դիրքը կը գրաւէ, բայց բաւական լաւ ֆութպոլ կը խաղայ այս եղանակին, անցեալ տարի շահելէ ետք «Սերի Պէ.»-ն (Բ. դասակարգ). ան իր դէմ պիտի ունենայ Եուվենթուսը, որ վերջին 5 մրցումներուն 3 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն արձանագրած է:
Պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան, որմէ կը բացակային Խուան Քոատրատօ, Սթեֆան Տը Վրայ, Տենզել Տամֆրիզ եւ Ալեքսիս Սանչես, պիտի հիւրընկալէ 12-րդ դիրքը գրաւող Լեչէն, որ վերջին 5 մրցումներուն 4 հաւասարութիւն եւ յաղթանակ մը ձեռք ձգած է: Ինթեր իր դաշտին վրայ միայն 1 հաւասարութիւն (Պոլոնիայի հետ) արձանագրած է եւ 1 պարտութիւն կրած (Սասուլոյէն): Մրցումներու ընթացքին, Լեչէ դաշտէն դուրս խաղցած 7 մրցումներէն 5-ը հաւասարութեամբ, իսկ 2-ը պարտութեամբ աւարտած է:
Ստորեւ` 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆրոզինոնէ – Եուվենթուս
Պոլոնիա – Աթալանթա
Թորինօ – Ուտինեզէ
Ինթեր Միլան – Լեչէ
Վերոնա – Քալիարի
Ա. Էս. Ռոմա – Նափոլի


