Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ ՄԱԿ-ը պատասխանատու նկատեց Կազա մարդասիրական ներհոսքի անբաւարարութեան համար` նշելով. «Անոնք օրական 125 բեռնակառքէ աւելի չեն կրնար բերել»:
«Իսրայէլ կարող է օրական օժանդակութիւններով բեռնաւորուած 300 կամ մինչեւ իսկ 400 բեռնակառքեր պաղեստինեան շրջան ուղարկել, ինչ որ տասնեակ հազարաւոր թոն ջուր, սննդեղէն եւ դեղորայք կը նշանակէ», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի մօտիկ աղբիւր մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ Պաղեստինեան իշխանութեան Կազա վերադարձին»:
«Նեթանիահուն արծարծած է Կազան անժամկէտ կերպով բռնագրաւելու գաղափարը, որ Պայտընի մօտ հիասթափեցնող գաղափար է», նշած է աղբիւրը:
«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով Համասի մէջ գերիներու թղթածրարի պատասխանատուն, հաղորդեց. «Կազայի մէջ արգելափակուած աւելի քան 66 իսրայէլացիներ սպաննուեցան իսրայէլեան ուժերու կողմէ»:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Աքապայի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Ամբողջ աշխարհը պէտք է ճնշում բանեցնէ Կազայի մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու եւ քաղաքայինները պաշտպանելու համար»` աւելցնելով. «Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումի շարունակումը ամբողջ շրջանին համար աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ»:
Ապտալլա Բ. թագաւորը վերահաստատեց, որ Յորդանան կտրուկ կերպով կը մերժէ պաղեստինցիներու Այսրյորդանանէն ու Կազայէն բռնի տեղահանումը` զգուշացնելով Այսրյորդանանն ու Կազան իրարմէ անջատելու փորձերէն` նշելով, որ անոնք «պաղեստինեան մէկ պետութեան տարածք են:
Յորդանանի թագաւորը ըսաւ, որ առանց պաղեստինեան դատի երկու պետութիւններու ստեղծման սկզբունքին վրայ արդար լուծման, որ պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական իրաւունքները կը բաւարարէ, ո՛չ խաղաղութիւն կրնայ ըլլալ, ո՛չ ալ կայունութիւն:
Ան կարեւոր նկատեց Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան երկու պետութիւններու ստեղծման հիմամբ լուծումին աջակցութեան մէջ դերակատարութիւնը:
Մաքրոն իր կարգին նշեց, որ իր երկիրը նախանձախնդիր է Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելուն` ողջունելով Քարամ Ապու Սալեմ անցակէտին ճամբով Կազա ուղղուող մարդասիրական օժանդակութիւններու անցումը դիւրացնող քայլերու որդեգրման յայտարարութիւնը:
Ան, Յորդանանի արքունիքին համաձայն, գնահատեց «շրջանին մէջ անվտանգութիւն եւ կայունութիւն երաշխաւորող երկու պետութիւններու ստեղծման լուծման հիմամբ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Յորդանանի ջանքերը»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Կազայի մէջ գործուող պատերազմական ոճիրները խիղճ ունեցող իւրաքանչիւր անձի սիրտը կը ճմլեն` նշելով. «Մենք այսօր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ կը գործենք մեր բոլոր կարելիութիւնները զօրակոչի ենթարկելով դադրեցնելու այս վայրագութիւնը»:
Ան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան 2024-ի պիւտճէի քննարկման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Թուրքիան կարգ մը արեւմտեան երկիրներու իսրայէլեան ջարդերուն ու պատերազմական ոճիրներուն հրապարակաւ աջակցիլը ինքնին աղէտալի կը նկատէ»` աւելցնելով. «Ներկայիս Իսրայէլի նկատմամբ ամերիկեան առանց նախապայմաններու աջակցութիւնը պաղեստինեան դատի մեծագոյն խոչընդոտն է»:
«Այս պայմաններուն մէջ կարեւոր է, որ Թուրքիան որդեգրէ ողջամիտ եւ ազդու արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ յանձնառու է բարոյական արժէքներուն: Այդ է պատճառը, որ մեզ կը մղէ Կազայի մէջ անիրաւութեան դէմ ձայն բարձրացնելու: Երբեք եւ ամէն գնով պիտի չտատամսինք ճիշդին «ճիշդ» եւ սխալին «սխալ» ըսելու: Մեր պաղեստինցի եղբայրներուն կողքին կանգնեցանք եւ ատիկա ապագային եւս պիտի շարունակենք», յայտնեց Ֆիտան:
Ան ըսաւ, որ Թուրքիան Կազայի վրայ յարձակումի առաջին օրէն դիւանագիտական եռանդուն աշխատանք կատարած է, «եւ կը շարունակեմ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի արտակարգ միացեալ վեհաժողովի ընթացքին կազմուած կապի խմբակին մէջ գործընկերներուս հետ միջազգային նախաձեռնութիւններ կատարել»:
«Խնդիրը կարելի չէ լուծել նախքան իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալը», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով. «Անպայման պէտք է մօտ օրէն ստեղծել գերիշխանութեան տէր պաղեստինեան անկախ պետութիւն, եւ շրջանի երկիրներուն լուծումին գործընկերներ դառնալը ռազմավարական անհրաժեշտութեան վերածուեցաւ»:


