ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
1950 թուականին մատղաշ հասակիդ եղար Հայաշէնի Ազգ. Թորգոմեան մանկապարտէզի ուսուցչուհի, ապա իբրեւ մանկապարտիզպանուհի` ծառայելով ամբողջ 26 տարի Հայաշէնի վարժարանին: Հետագային ես ալ միացայ ձեզի` իբրեւ պաշտօնակից, այդպիսով այդ շրջանին անկեղծ եւ անքակտելի մտերմութիւն մը ծաւալեցաւ մեր միջեւ: Մեծ քրոջ նման միշտ հոգածու էիր ինծի, ես շատ բան սորված եմ քեզմէ եւ ատոր համար շատ շնորհակալ եմ:
1976-ին Ամերիկա գաղթեցիր` ամուսնանալով Սամ Սասունեանին հետ, ընտանիք կազմելով, բայց բնաւ չմոռցար Թորգոմեանը եւ մեզ, որովհետեւ դուն քեզ մեզի չափ հայաշէնցի կը զգայիր` միշտ ձեռք երկարելով բոլորիս:
Սիրելի՛ Գոհար, երբ 1983-ի Թորգոմեանը փակուելու վտանգին ենթարկուեցաւ, ես քեզ իմացուցի, իսկ դուն անմիջապէս շուրջդ համախմբեցիր Լոս Անճելըսի հայաշէնցիները եւ թորգոմեանցիները, յանձնախումբ մը կազմեցիք եւ անմիջապէս տարիներով նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցիք վարժարանին` անոր Չաթալպաշեանին միանալէն մինչեւ երկուքին ալ փակումը: Նիւթապէս օժանդակեցիք նաեւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» ակումբին:
Սիրելի՛ Գոհար, ոչ միայն դուն, այլ նաեւ ամուսնոյդ ալ սիրցնել տուիր Հայաշէնը: Քանիցս ձեր տան մէջ հաւաքներ կազմակերպեցիք եւ նպաստը հայաշէնցի ուսանողներուն յատկացուցիք` աջակցութեամբ գործակիցներուդ:
Զիս երեք անգամ Ամերիկա հրաւիրեցիր` հիւրընկալելով տանդ մէջ: Բնաւ պիտի չմոռնամ այն անակնկալը, զոր կազմակերպեցիր տանդ շրջափակին մէջ` յիսնամեակիս առիթով, հրաւիրելով իմ ամենասիրելիներս, մեծ խանդավառութիւն պատճառելով բոլորիս:
Ամէն ամառ Հայաստան կ՛երթայիք, կ՛ուզէիր, որ ես ալ հոն ըլլամ, եւ հանդիպինք, բարեբախտաբար յաճախ պատահած է:
Դուք բազմաթիւ ընտանիքներու կնքահայրութիւն ըրած էք` մինչեւ Երեւան եւ Գիւմրի, վերջին անգամ զիս ալ տարիք Գիւմրի` ծանօթացնելով ձեր սաներուն, եւ աղուոր քէֆ մը ըրինք: Վարձքերնիդ կատա՛ր:
Այսօր, որ տէր եւ տիկին մեկնած էք այս աշխարհէն, վստահ բոլորս երախտապարտ ենք ձեզի եւ միշտ պիտի յիշենք ու օրհնենք ձեր յիշատակը:
Եօթանասուն տարուան անգնահատելի եւ անզուգական բարեկամուհի՛ս, հողը թեթեւ գայ վրանիդ:



