Չորեքշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը 83-87 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց վերջին դիրքը գրաւող Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ մրցումին:
Էն. Էս. Էյ. զօրաւոր խումբ չէր, բայց իր օտար մարզիկները աւելի լաւ էին, առաւել` ունէր լիբանանցիներ, որոնք հասակով աւելի լաւ էին եւ ճիշդ ժամանակին 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով կէտերու առաւելութիւն մը ունեցան մեր տղոց վրայ:
3 կէտնոց կողովներու պարագային, ՀՄԸՄ-ի տղաքը 28 անգամ փորձեցին եւ միայն 6 անգամ յաջողութիւն գտան, մինչ մրցակից խումբի 29 փորձերէն 12-ը իրենց նպատակին հասան: Այս մէկը շատ պատճառներ ունի անշուշտ, երբ մարզիկը ազատ ձգես «հանգիստ» հարուածելու, փորձի նման աւելի բարձր կ՛ըլլայ իր տոկոսային համեմատութիւնը, մէկ խօսքով` լաւ ձեւով չէինք «հսկէր» մրցակիցին վրայ, որ իրականութեան մէջ ունէր 5 մարզիկներ, որոնք 3 կէտնոց գնդակներ կը նետէին: Մեր տղոց կողմէ, Ճեքսըն 1 անգամ կրցաւ նշանակել (7 փորձէն), իսկ Ուոլթըր Հոճ 2 անգամ նշանակեց (8 փորձերէն), Կերի իր 5 փորձերէն 1-ը յաջողեցաւ նշանակել, Ճիմի Սալեմ 3 փորձերէն 2-ը նշանակեց:
Առաջին մասին մեր տղաքը բաւական լաւ էին եւ 18-14 արդիւնքով յառաջացած: 2-րդ մասին քիչ մը շատ արագացաւ մրցումը եւ զգալի էր կորսուած վիճակ մը, ուր կարծէք մենք օգնեցինք մրցակիցին, որ աւելի տիրապետէ: Էն. Էս. Էյ. 30 կէտ նշանակեց, մինչ ՀՄԸՄ` 17:
Կիսախաղին 35-44 արդիւնքով ետ մնացած ՀՄԸՄ քիչ մը աւելի լաւ սկսաւ, բայց մրցակիցը բարձրահասակ մարզիկներ ունենալով չկրցանք բաւարար ձեւով մօտենալ, հակառակը` առաւելութիւնը բարձրացաւ 12 կէտէն ալ աւելի, բայց 4-րդ մասին, երբ մինչեւ 1 կէտի ալ նուազեցաւ տարբերութիւնը, անտեղի թըրնովըրներով մրցումը դուրս ելաւ մեր ձեռքերէն:
Յոյսով, որ այս պարտութենէն կը սորվինք եւ նոր սենթըրի միանալով քիչ մը աւելի կանոնաւոր պասքեթպոլ կը խաղանք: Պէտք է աւելցնենք, որ Իլայճա Հոլմըն միացած էր ՀՄԸՄ-ին` մրցումի ազդանշանէն առաջ:
Իլայճա Թոմաս կամ Էլի Թոմաս 34 տարեկան մարզիկ մըն է, որ թէ՛ սենթըր, թէ՛ փաուըր ֆորուըրտ կրնայ խաղալ, 2 մեթր 8 սմ հասակ ունի, վերջերս խաղցած է Քարիտուրոս տը Ֆախարտօ խումբէն` միջին հաշուով 13,8 կէտ, 10,7 ռիպաունտ 1,6 էսիսթ եւ 1,2 պլոք ձեռք ձգելով:
Այժմ խումբը լաւապէս պէտք է պատրաստուի դարձի մրցումներուն, ինչպէս նաեւ Տուպայի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 19-28 յունուարին:


