Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզի 9-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

December 22, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ Լոս Անճելըսի Քլիփըրզը իր կարգին շարունակեց իր յաջորդական յաղթանակները եւ 120-111 արդիւնքով յաղթեց Տալաս Մեւրիքսին:

Մրցումին գրեթէ տիրապետեց Քլիփըրզ, որուն աստղերէն Քուայ Լենըրտ 30 կէտ նշանակեց: Նորմըն Փաուըլ 21 կէտ նշանակեց պահեստի աթոռներէն դուրս գալով, մինչ Փոլ Ճորճ բացակայեցաւ հիւանդ ըլլալուն պատճառով: Ճէյմս Հարտըն 17 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց: Տալասի աստղերէն Լուքա Տոնչիչ, որ յաջորդական 11 մրցումներու ընթացքին 30 կէտերէ աւելի կը նշանակէր, երէկ միայն 28 կէտ կրցաւ նշանակել: 6-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով, Քայրի Ըրվինկ կը բացակայէր Տալասէն` աջ կրունկի ցաւ ունենալուն պատճառով: Տոնչիչ տարեշրջանի իր 6-րդ թրիփըլ տապըլը կատարեց 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարելով: Ամիս մը առաջ (10 նոյեմբերին) 144-126 արդիւնքով պարտուած Քլիփըրզ տակաւին Հարտընի հետ մրցում չէր յաղթած (փոխանցուելէ ետք Ֆիլատելֆիայէն), բայց այժմ 17 մրցումներէն 14-ին յաղթած է:

Ֆիլատելֆիայի մէջ, Ժոել Էմպիիտ այս տարեշրջանի իր ամէնէն շատ կէտերը նշանակեց (51 կէտ)` ձեռք ձգելով նաեւ 12 ռիպաունտ, եւ 76-ըրզ շատ լաւ 4-րդ մաս մը խաղալով կրցաւ յաղթել Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի` 127-113 արդիւնքով:

Թայրիս Մեքսի 35 կէտ աւելցուց Ֆիլատելֆիայի հաշուոյն, որ իր 19-րդ մրցումը յաղթեց (27 մրցումներու ընթացքին) եւ իր վերջին 8-էն 7-ը յաղթանակով աւարտեց:

Մինեսոթա, 25 մրցումներէն 5-ը միայն պարտուած էր եւ ունէր լաւագոյն արդիւնքները, 27 կէտ նշանակեց շնորհիւ Անթոնի Էտուըրտծի, 23 կէտ` շնորհիւ Քարլ Անթոնի Թաունզի, իսկ 21 կէտ` շնորհիւ Ճէյրըն Մաքտենտիըլզի: Այս մրցումէն առաջ, վերջին 10-էն 9 մրցումները յաղթած էր Մինեսոթան:

Ժոել Էմպիիտի ասպարէզի 7-րդ մրցումն էր, որ առնուազն 50 կէտ կը նշանակէր: Ան արձանագրեց նաեւ յաջորդական 12-րդ մրցումին 30-է աւելի կէտ եւ 10-է աւելի ռիպաունտ: Ասիկա «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն երկար շարքն է, Քարիմ Ապտուլ Ժապպարի 1971-1972 տարեշրջանէն ետք (16 յաջորդական մրցումներ):

Տենվըր Նակեթց Քանատայի մէջ 113-104 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի վրայ: Տենվըր, կանուխէն ճնշեց Թորոնթոյի վրայ, եւ Նիքոլա Եոքիչ 31 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Քանատացի կարտ Ճամալ Մարի 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նակեթցի, որուն մարզիկներէն Աարոն Կորտըն եւ Մայքըլ Փորթըր 12-ական կէտեր նշանակեցին:

Սքոթի Պարնզ նշանակեց 30 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ի նպաստ Թորոնթոյի, որ վերջերս լաւ վիճակի մէջ էր:

Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Մայեմի Հիթ 106-115
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 127-113
Ինտիանա Փէյսըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 144-113
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Եութա Ճեզ 124-116
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տենվըր Նակեթց 104-113
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Եորք Նիքս 102-121
Հիւսթըն Ռոքեթց – Աթլանթա Հոքս 127-134
Շիքակօ Պուլզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 124-108
Տալաս Մեւրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 111-120
Սաքրամենթօ Քինկզ – Պոսթըն Սելթիքս 119-144

 

Նախորդը

Նոր Տարուան Տարեցներու Ձեռնարկ

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պայեր Լեւերքուզըն` Աշնան Ախոյեան

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.